image

Մայր Աթոռի պատուիրակը այցելած է Կրէտիի նորընտիր Արքեպիսկոպոսին

   Մայր Աթոռի պատուիրակը այցելած է Կրէտիի նորընտիր Արքեպիսկոպոսին

Ս. Կարապետ Եկեղեցին կը գտնուի Պատրիարքական Աթոռոյս հոգեւոր իրաւասութեան սահմաններուն մէջ եւ Աւագ Շաբաթը կը տօնուի, ըստ հին տոմարի։ Այս առիթով Ծխական Խորհուրդի փափաքին ընդառաջ, արարողութիւններ կատարելու համար Սրբազան Պատրիարք Հօր խնդրանքով եւ Վեհափառ Հայրապետին տնօրինութեամբ ու օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինէն Կրետէ փութացած էր Գերշ. Տ. Եզնիկ Ս. Արքեպիսկոպոս եւ նախագահած՝ Աւագ Շաբթուան արարողութեանց։ Այս կեցութիւնը առիթ եղած է, որ Սրբազան Հայրը գլխաւորէր նաեւ Սրբազան Մետրոպոլիտին տրուած այցելութեան։

Յունաստանի «Արեւելք»ի աղբիւրէն  վերահասու կը դառնանք, թէ Կրետէի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ համայնքի ներկայացուցիչները, առաջնորդութեամբ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Միաբան՝ Գերշ. Տ. Եզնիկ Արքեպս. Պետրոսեանի եւ Յունահայոց Առաջնորդական Տեղապահ՝ Հոգշ. Տ. Խորէն Վրդ. Առաքելեանի, 26 Ապրիլ 2022, Երեքշաբթի, պաշտօնական այցելութիւն տուին Կրետէի նորընտիր Արքեպիսկոպոս Տ. Եւգինէոս Բ. Մետրոպոլիտին։ Յանուն վարչութեան մասնակից էին՝ Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Վարչութեան Ատենապետ՝ Անտոնի Պենարտին եւ անդամներ՝ Գէորգ Փոլատեանն ու Սանտի Աւետիսեանը։

Այցելուներ ներկայ գտնուեցան Ս. Պատարագին, ապա ջերմ հանդիպում ունեցան նորընտիր Արքեպիսկոպոսին հետ։ Եւգինէոս Բ. Մետրոպոլիտը գնահատեց հայ եւ յոյն ժողովուրդներու բարեկամութիւնը եւ մասնաւորապէս անդրադարձաւ Կրետէի պատմութեան մէջ հայ ժողովուրդի թողած կարեւոր հետքերուն։ Յիշատակեց հայերու հետ ունեցած անձնական յուշերը, որոնց մասին անդրադարձած էր հեղինակած մէկ գրքին մէջ։ Այցելուներ անդրադարձան նաեւ Կրետէի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ պատմականին եւ յայտնեցին, թէ՝ այս պատմութիւնը խոր արմատներ ունի եւ եկեղեցին այսօր եւս կը գործէ Կրետէի հայ համայնքի մասնակցութեամբ։ Զրոյցի ընթացքին յայտնեցին նաեւ, թէ՝ համայնքը մնայուն հոգեւոր հովիւ մը չունի, սակայն տօնական առիթներով այցելու հոգեւորականներ կը փութան Կրետէ եւ կը կատարեն տօնական արարողութիւնները։ Այցելութիւնը առիթ եղաւ, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր եւս ողջոյնները փոխանցուին Սրբազան Մետրոպոլիտին։    