image
Հրատապ լուրեր:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան Գերաշնորհ Տ. Վիգէն արք. Այքազեանն ընտրուած է ԵՀԽ փոխհամակարգող

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան Գերաշնորհ Տ. Վիգէն արք. Այքազեանն ընտրուած է ԵՀԽ փոխհամակարգող

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 11-րդ ընդհանուր համաժողովի ընթացքին 120 երկիրներ ներկայացնող ԵՀԽ կեդրոնական կոմիտէի անդամները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան Գերաշնորհ Տ. Վիգէն արքեպիսկոպոս Այքազեանը ընտրեցին ԵՀԽ փոխհամակարգող:

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի համակարգողը եւ երկու փոխհամակարգողները գլխաւոր քարտուղարի հետ միասին կը ղեկավարեն ԵՀԽ կեդրոնական կոմիտէն` վարելով կեդրոնական եւ գործադիր կոմիտէներու նիստերը: