Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոն տեղափոխուած է Պրուքլինի քննչական մեկուսարան։ Այս մասին յայտնած է CBS հեռուստաալիքը։
Նշենք, որ Նիքոլաս Մատուրոն ու կինը Միացեալ Նահանգներ տեղափոխած են Քարաքասի մէջ ամերիկեան ռազմական գործողութենէն ետք։
Զոյգը ձերբակալած են գիշերը նախագահական նստավայրի ննջարանին մէջ: Անոնց տեղափոխած են ռազմանաւ, իսկ յետոյ օդանաւով տեղափոխած Նիւ Եորքի մերձակայքը գտնուող Սթիւարթ օդակայան։
Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ գլխաւոր դատախազ Պոնտին յայտնած էր, որ Նիքոլաս Մատուրոյին եւ անոր կնոջ՝ Սիլիա Ֆլորեսին, մեղադրանք առաջադրուած է ԱՄՆ-ի դէմ թմրամիջոցներու եւ ահաբեկչութեան դաւադրութեան, քոքաինի ներմուծման, գնդացիրներու եւ աւերիչ սարքերու պահպանման համար: