image
Հրատապ լուրեր:

Մասիսի մէջ արտակարգ դէպք. Զինուած քաղաքացին մտած է քաղաքապետարան ու ապա ինքնասպան եղած

 Մասիսի մէջ արտակարգ դէպք.  Զինուած քաղաքացին մտած է քաղաքապետարան ու ապա ինքնասպան եղած

 Այսօր երեկոյեան ժամերուն լարուած իրավիճակ ստեղծուած է Մասիս քաղաքին մէջ։

 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հայրենի լրասփիւռներէ։

Աղբիւրները կը նշեն, որ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ 36-ամեայ էտուարտ Մարգարեան զինուած կերպով մուտք գործած է քաղաքապետարան պատճառ դառնալով լարուած իրավիճակի։

 

Աւելի ուշ ոստիկանական ուժեր հասած են դէպքի վայր եւ փորձած են վնասազերծել  Մարգարեանը։

 Լսելի դարձած է կրակոց, որմէ ետք ալ ի յայտ եկած է, որ Մարգարեան ինքնասպան եղած է։

Դէպքին հետեւանքով այլ տուժածներ, կամ վիրաւորներ չեն գրանցուած։