image
Հրատապ լուրեր:

Մասաչուսէց. Տնօրէնուհի Հուրի Պոյամեան հանգստեան կոչուեցաւ

Մասաչուսէց. Տնօրէնուհի Հուրի Պոյամեան հանգստեան կոչուեցաւ

Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանի (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) տնօրէնուհի՝ տիկ. Հուրի Պոյամեան, յայտարարեց, թէ հանգստեան պիտի կոչուի՝ 34 տարուան ծառայութենէ ետք։

Իր պաշտօնավարութեան ընթացքին, տիկ. Պոյամեան իրականացուցած է 1984ին հիմնուած դպրոցին վարկաւորումը Նիւ Ինկլընտի Անկախ Դպրոցներու Ընկերակցութեան կողմէ (2003) եւ գլխաւորած՝ դպրոցի ընդարձակման երեք հանգանակութիւնները  (1998-2012)։ Դպրոցը մուծած է STEM նախաձեռնութիւնը (2011), որ կը միտի աշակերտները ներշնչող ու ոգեւորող, հարցուփորձի ուսուցման ծրագիր մը զարգացնել ու պահպանել։ Նաեւ շրջանաւարտից 18 հունձքեր ուղարկած է Հայաստան։

«Խորապէս երախտապարտ ենք Հուրիին՝ հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութեան ու առաքելութեան նուիրած տարիներուն համար», յայտնեց Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն ու ամէնօրեայ վարժարանի հովանաւոր։ «Գիտեմ, որ ամբողջ համայնքի անունով կը խօսիմ, երբ կ՚ըսեմ, թէ մեր շնորհակալութիւնը անկատար է։ Ան ամուր հիմք մը կառուցած է մեր դպրոցին ու համայնքին, որ կ՚ապահովէ, թէ ապագայ սերունդներ օգտուին հայկական եւ ամերիկեան երկլեզու հոյակապ կրթութենէ»։ Իսկ վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Մայքլ Կիւզէլեան, արձագանգեց Տէր Անդրանիկին. «Հուրիի ծառայութիւնը անհամայնքին անչափելի է։ Անոր յանձնառութիւնը դպրոցի հանդէպ անգերազանցելի եղած է տարիներու ընթացքին»։

Տիկ. Պոյամեան յայտնեց, թէ «ես զիս օրհնեալ կը զգամ՝ դպրոցական հրաշալի համայնքի մը մաս կազմած ըլլալով։ Ս. Ստեփանոսի մէջ անցուցած տարիներս կը փայփայեմ որպէս կեանքիս ամենէն լիացնող ու հատուցող տարիները»։ Տնօրէնուհին երախտագիտութեան եւ գնահատանքի խօսքերով անդրադարձաւ իրեն հետ ծառայած անձերուն։

Պրն. Կիւզէլեանի կողմէ գլխաւորած յանձնախումբ մը կազմուած նոր տնօրէնի մը որոնումին համար։ Տիկ. Պոյամեան պիտի մնայ իր պաշտօնին վրայ մինչեւ յաջորդին նշանակումը եւ այնուհետեւ պիտի աջակցի փոխանցման շրջանին։