image
Հրատապ լուրեր:

Մարտակերտի քաղաքապետը ձերբակալուած

Մարտակերտի քաղաքապետը ձերբակալուած

Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտի քաղաքապետ Միշա Գիւրջեան մեղադրուած է խարդախութեամբ խոշոր չափերով յափշտակութեան եւ փաստաթուղթեր կեղծելու համար։ ՀՀ քննչական կոմիտէն հաղորդագրութիւն տարածած է, ուր մանրամասնութիւններ յայտնած Միշա Գիւրջեանին առնչուող քրէական վարոյթի վերաբերեալ։

Թէպէտ հաղորդագրութեան մեջ բացայայտ չէ նշուած, որ խօսքը անոր մասին է, սակայն ըստ աղբիւրներուն նշուած հաղորդագրութիւնը կը վերաբերի Միշա Գիւրջեանին եւ անոր ձերբակալութեան հիմքերուն։

Ըստ ՔԿ հաղորդագրութեան՝ 24 մայիսին, ՀՀ ԱԱԾ-էն (ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն) քննչական կոմիտէ ստացուած հաղորդման հիման վրայ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։

«Նախաքննութեամբ պարզուել է, որ Մ. Շ-ն եւ Վ. Ս-ն նախնական համաձայնութեամբ՝ խմբով, այլ անձի (անձանց) սեփականութեան իրաւունքով պատկանող, խոշոր չափերով՝ 1.935.000 ՀՀ դրամ արժողութեան «CHEVROLET LACETTI-1.4» մակնիշի (2010 թուականի թողարկման) թեթեւ մարդատար ավտոմեքենան խաբէութեամբ յափշտակելու դիտաւորութեամբ 2024 թուականի յունուարի 12-ին միասին ներկայացել են ավտոմեքենայի օտարման գործարք կատարելու պետական մարմին, որտեղ Վ. Ս-ն, ներկայացնելով կեղծ տեղեկութիւններ վերոգրեալ ավտոմեքենան օտարելու լիազօրութիւն ունենալու մասին, առանց օրինական հիմքի հանդէս գալով պայմանագրի կողմեր՝ Վ. Ս-ն որպէս նուիրատու, իսկ Մ. Գ-ն (նոյնականացւում է որպէս Միշա Գիւրջինեան,–խմբ.)՝ նուիրառու, կազմել են իրաւաբանական նշանակութեան փաստ հաւաստող կեղծ փաստաթուղթ՝ նուիրատուութեան պայմանագիր»,- տեղեկացուցած են ՔԿ-էն։

Ինքնաշարժը ապօրինի օտարուած է Միշա Գիւրջեանին՝ այդ կերպ խաբէութեամբ յափշտակելով 1.935.000 ՀՀ դրամ արժողութեամբ «CHEVROLET LACETTI-1.4»-ը։

ՔԿ-էն շեշտած են, որ Միշա Գիւրջեան, նախնական համաձայնութեամբ, խումբին հետ կեղծած է փաստաթուղթ եւ կատարած խոշոր չափերով գոյքի յափշտակութիւն:

Ձեռք բերուած տուեալներու հիման վրայ անոր մեղադրանք ներկայացուած է: Գիւրջեան ձերբակալուած է: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի։