image

Մարտակերտի մէջ հրադադարի խախտում

Մարտակերտի մէջ հրադադարի խախտում

Մարտակերտի շրջանին մէջ հրադադարի խախտման երկու դէպք գրանցուած է․ տուժածներ չկան։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը Ռուս խաղաղապահ առաքելութեան գործունէութեան մասին տեղեկագրին մէջ։

«Ռուսական խաղաղապահ զօրագունդի հրամանատարութիւնը ատրպէյճանական ու հայկական կողմերու հետ հետաքննութիւն կ'իրականացնէ այս փաստերու առնչութեամբ։

Մարտակերտի, Մարտունիի շրջաններուն մէջ եւ Լաչինի միջանցքին պարեկութիւն իրականացուած է երեք երթուղիներով։

Ռուսական խաղաղապահ զօրագունդի ճարտարապետա-սակրաւոր խումբերը կը շարունակեն կառոյցներու եւ տեղանքի ականազերծումը։ Օրուան ընթացքին մաքրուած է 0,4 հա տարածք»,-ըսուած է տեղեկագրին մէջ։