image

Մարտակերտի մէջ հրադադարի խախտում

Մարտակերտի մէջ հրադադարի խախտում

Մարտակերտի շրջանին մէջ ատրպէյճանական զինուժի կողմէ հրադադարի պահպանման ռեժիմի մէկ խախտում արձանագրուած է. տուժածներ չկան։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը խաղաղապահ զօրակազմի ամէնօրեայ տեղեկագրին մէջ։

«Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերու հետ հետաքննութիւն կ'իրականացնէ այս փաստի առնչութեամբ։

Մարտակերտի, Մարտունիի եւ Շուշիի շրջաններուն մէջ պարեկութիւն իրականացուած է երեք երթուղիներով։

Ռուս խաղաղապահները մեքենաներու ճանապարհով Ստեփանակերտ հասցուցած են 292,5 թոն մարդասիրական օգնութիւն»,-ըսուած է տեղեկագրին մէջ։