Արցախի Մարտակերտ քաղաքի յարակից բլուրներուն մէջ, 15 Օգոստոսին, հրդեհ բռնկած է։ Այս մասին կը հաղորդէ «News.am»ը:
Նախնական տեղեկութիւններով՝ հրդեհը բռնկած է ժամը 11–ի սահմաններուն արցախա–ատրպեճանական շփման գիծի հատուածին մէջ եւ տարածուած է քաղաքի յարակից անտառածածկ եւ խոտածածկ բլուրներուն մէջ։ Տեղացիներու խօսքով՝ ամենայն հաւանականութեամբ, ատրպեճանական կողմը հրկիզող եւ պայթող փամփուշտներով միտումնաւոր կրակոցներ արձակած է, որու հետեւանքով սահմանային տարբեր հատուածներու մէջ հրդեհ բռնկած է։
Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը դեռ չեն անդրադարձած դէպքին։
Նշենք, որ օրեր առաջ ալ հրդեհ բռնկած էր Մարտակերտի հիւսիս–արեւմտեան հատուածին՝ Տօնաշէնի անտառներուն մէջ եւ հասած մինչեւ Մաղավուզ գիւղ։ Քանի մը օր շարունակ հրշէջները չէին յաջողած մարել կրակը։