image

Մարմարա ծովը ետ քաշուած է. Արդեօք Պոլսոյ մէջ երկրաշարժ պիտի ըլլա՞յ

Մարմարա ծովը ետ քաշուած է. Արդեօք Պոլսոյ մէջ երկրաշարժ պիտի ըլլա՞յ

Մարմարա ծովը Իսթանպուլի հատուածին մօտ 25 մեթր ետ քաշուած է, որու պատճառով բնակիչներուն մօտ խուճապ առաջացուցած է, թէ կրնայ երկրաշարժ ըլլալ։

Թրքական Cumhuriyet–ի հաղորդմամբ՝ Թուրքիոյ երկրաշարժի պաշտպանութեան պատասխանատուները յայտարարած են, որ ծովու ջուրի ետ քաշուիլը երկրաշարժի որեւէ հիմք չունի, այն կապուած է երկրաբանական երեւոյթներու հետ։