image

Մարիամ Աստուածամօր ամսուայ մեկնարկը Պիքֆայայէն. Տ. Նարեկ վրդ. անդրանիկ պատարագը մեծ ուրախութեան առիթ

Մարիամ Աստուածամօր ամսուայ մեկնարկը Պիքֆայայէն. Տ. Նարեկ  վրդ. անդրանիկ պատարագը մեծ ուրախութեան  առիթ


 Յար եւ նման Կաթողիկէ աշխարհին Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին ալ յատուկ կարեւորութեամբ կը նշէ Մեր Տէրոջ ՝Յիսուս Քրիստոսի մօր ՝ Աստուածամայր Մարիամի նուիրուած օրերը։ 

 Կաթողիկէ աշխարհը, աղօթքի ջերմեռանդութեան եւ բարձրեալին հետ հոգեւոր կապը ամրացնելու միտումով իւրաքանչիւր տարուայ Մայիս ամիսը ընտրած է, որպէս Մարիամ Աստուածածինը փառաբանելու եւ յիշատակելու օրեր։ 

 Ուշագրաւն այն է, որ Քրիստոնէական վարդապետութեան մէջ Սուրբ Մարիամ կոյսը կը ներկայանայ միջնորդ հաւատացեալներուն եւ Տէրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջեւ, եւ ինչպէս բազում սուրբեր ինք եւ Սուրբ Մարիամ կ՚անսայ իրեն ուղղուած աղօթքներուն ու զանոնք կը հաղորդէ Մեր Տէրոջ։ 

 

 Ուշագրաւ է նաեւ, որ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին իր աւանդաբանական ընկալումներուն մէջ իւրաքանչիւր շրջանի մէջ, եւ իւրաքանչիւր վիճակի համար ընտրած է անուանումներ եւ այդ շնորհներով կը յիշատակէ Մարիամ Աստուածամօր յիշատակը։ 

 Օրերս Լիբանանի ամառանոցներէն համարուող եւ Մխիթարեաններու ուխտին ներքով գործող վանական համալիրին մէջ տեղի ունեցած է Սուրբ Պատարագ, որուն ճամբով ալ բացումը յայտարարուած է Մարեմական ամսուան։ 

Ուշագրաւն այն է, որ Սուրբ Պատարագը, որուն հանդիսապետած է Հայ Կաթողիկէ Տ. Տ. Ռաֆայէլ- Պետրոս Կաթողիկոս Պատրիարքը, մատուցուած է իր հոգեւոր ծառայութիւնը նոր սկսող եւ Մխիթարեան Միաբանութեան ամենաերիտասարդ միաբան ՝ Տ. Նարեկ վրդ. Ճէնանեանը։ 

 Բարի եւ Քրիստոսաւանդ ծառայութիւն կը մաղթենք Վարդապետին եւ ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առթիւ պատրաստուած թղթակցութիւնը։ 

 

 

Նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, Կիրակի, 1 Մայիս 2022-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Պիքֆայայի Մխիթարեան դպրեվանքի Տիրամայր Ողկոյզի եկեղեցւոյ մէջ, Աստուածամօր նուիրուած ամսուան մեկնարկը նախանշուեցաւ կրկնակի տօնախմբութեամբ, երբ Աշխարհամատրան տօնին եւ եկեղեցւոյ օրհնութեան եւ օծման կարգի ուրախութիւնը կրկնապատկուեցաւ Հայր Կորիւն Վրդ. Ճէնանեանի Լիբանանի մէջ հանրութեան մատուցուած անդրանիկ Պատարագով, որուն առթիւ վերանորոգուած էր եկեղեցւոյ մատուռը։

Ս. Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին Մխիթարեան Միաբանութեան Միջին Արեւելքի Մեծաւոր Գերյարգելի Հայր Մեսրոպ Թ.Ծ.Վ. Սիւլահեան, Յիսուսեան գերապատիւ վարդապետներ, Արժ. Տ. Կարապետ Քհնյ. Թադէոսեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Տիրամայր Ողկոյզի եկեղեցւոյ «Մխիթարեան» երգչախումբը։

Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ Հայաստանի Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան՝ Վահագն Աթաբէկեան եւ հիւպատոս՝ Լէոնարտ Ապաճեան, եկեղեցւոյ բարեզարդման մեկենասներ՝ երեսփոխան զօրավար Ժան Թալուզեան եւ Արմէն Ասֆահանի, հայ կաթողիկէ չորս վարժարաններու տնօրէնները, որոնց շարքին Հալէպի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնուհիները, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը։

Եկեղեցւոյ Աւագ դրան օրհնութեան եւ օծման կարգէն ետք, Հոգեւոր Տէրը օրհնեց նաեւ վերանորոգուած եկեղեցւոյ Խորանի Ս. Սեղանը։

Պաշտօնական օծումէն ետք, Սեպտեմբեր 8-ին Վենետիկի Ս. Ղազար Մխիթարեան կղզիին մէջ, Մխիթարեան Միաբանութեան Քահանայապետական Պատուիրակ՝ Տէր Լեւոն Արք. Զէքիեանի ձեռամբ քահանայ ձեռնադրուած Հ. Կորիւն վրդ. Ճէնանեան հանրութեան իր անդրանիկ օրհնութիւնը բաշխեց եւ առաջին Ս. Պատարագը մատուցեց Պիքֆայայի Տիրամայր Ողկոյզի եկեղեցւոյ մէջ, սարկաւագութեամբ Եղբ. Յարութ Հարպոյեանի եւ Հրանդ Հրանդեանի։

Խորանի սպասաւորութիւնը կատարեցին Պիքֆայայի Մխիթարեան Միաբանութեան դպրեվանքի սաները։ Նորօծ վարդապետը իր առաջին քարոզին մէջ գոհութիւն եւ փառաբանութիւն ուղղեց Տիրոջ, որ զինք արժանի ըրաւ Ս. Խորանին ծառայելու եւ խորհուրդները մատակարարելու առաքելութեան, ինչպէս նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին եւ իրենց բարի ազդեցութիւնը ունեցան աստուածահաճոյ իր ուղիի նշման: