Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլ «Russia Today» միջազգային մամլոյ խումբի եւ RT հեռատեսիլային ալիքի գլխաւոր խմբագիր Մարգարիտա Սիմոնեանին յանձնած է «Առաքեալներուն հաւասար իշխանուհի Օլկայի» 3-րդ աստիճանի եկեղեցական շքանշանը:
Շաբաթ օր Մոսկուայի մէջ՝ Մոսկուայի մետրոպոլիտ Ս. Պետրոսի յիշատակի օրը, պատրիարքը Ս. Պատարագ մատուցած է Մոսկուայի Քրեմլինի Վերափոխման տաճարին մէջ, որմէ յետոյ տեղի ունեցած է Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պարգեւներու յանձնման արարողութիւնը:
«Հասարակութեան մէջ աւանդական արժէքներու պահպանման գործին մէջ ունեցած ներդրման համար եւ ծննդեան նշանակալի ամսաթիւի կապակցութեամբ՝ «Ռուսիա այսօր» պետական հեռատեսիլային ալիքի, «Ռուսիա այսօր» միջազգային լրատուական գործակալութեան եւ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան գլխաւոր խմբագիր Մարգարիտա Սիմոնովնա Սիմոնեանը պարգեւատրուած է Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Հաւասար Առաքեալներ արքայադուստր Օլկայի 3-րդ աստիճանի շքանշանով», - յայտարարուած է արարողութեան ժամանակ։