Երեւանի մէջ կայացած 20-րդ յոբելեանական «Մանկական Եւրատեսիլ 2022»-ին յաղթեց Ֆրանսայի ներկայացուցիչ Լիսանտրոն՝ Oh Mama երգով։ Հայաստանի ներկայացուցիչ Նարէն զբաղցուց երկրորդ, իսկ Վրաստանի ներկայացուցիչ Մարիամը՝ երրորդ հորիզոնականը։
Մրցոյթը այս տարի կը կայանար 20-րդ անգամ, որու առթիւ Երեւան ժամանած էին նաեւ նախորդ տարիներու մրցոյթներու յաղթողները։ Անոնք եւս ելոյթ ունեցան համերգի ընթացքին։
Այս տարուան մրցոյթի հաղորդավարներն էին Իւեթա Մուկուչեանը, Գարիկ Պապոյեանն ու Կարինա Իգնատեանը։ Առաջին անգամ մրցոյթի պատմութեան մէջ հաղորդավարական կազմին միացած էր նաեւ արհեստական բանականութեան սարք՝ ռոպոթ Ռոպինը։
Հայաստանը «Մանկական Եւրատեսիլը» հիւրընկալած էր նաեւ 2011-ին՝ 2010-ի մրցոյթին Վլատիմիր Արզումանեանի յաղթանակէն ետք: