Հայաստանի յունահռոմէական ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ, Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, համաշխարհային ախոյեան ու Եւրոպայի քառակի ախոյեան Մալխաս Ամոյեան երկրորդ անգամ դարձաւ աշխարհի ախոյեանութեան ոսկէ մետալակիր:
Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զակրէպի մէջ ընթացող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի համաշխարհային ախոյեանութեան 77 քկ. դասակարգի աւարտական մարտին Մալխաս Ամոյեանի մրցակիցն էր Ճափոնի ներկայացուցիչ, 2024-ի Ողիմպիական խաղերու ոսկէ մետալակիր Նաօ Քուսաքա։ Հայ մարզիկը 10-1 հաշուով ջախջախիչ յաղթանակ մը տանելով՝ նուաճեց համաշխարհային ախոյեանի իր երկրորդ տիտղոսը:
Մալխաս Ամոյեան Փարիզ-2024-ի պրոնզէ մետալակիր է, Եւրոպայի ախոյեան դարձած 2022, 2023, 2024, 2025-ին, իսկ համաշխարհային ախոյեանութեան առաջին ոսկին նուաճած է 2021-ին: