image
Հրատապ լուրեր:

Մալեզիայէն կոչ Ամերիկային՝ «Անկեղծ եղէ՛ք»

Մալեզիայէն  կոչ Ամերիկային՝ «Անկեղծ եղէ՛ք»

Մալեզիոյ վարչապետ Իսմայիլ Սապրի Եաագուպը ԱՄՆ-ին կոչ ըրած է «ազնիւ» ըլլալու սուր միջազգային խնդիրներուն հետ կապուած` համեմատելով Ուքրանիոյի եւ Պաղեստինի երկու ճգնաժամերը:

«Եթէ Միացեալ Նահանգները արագ քայլերու ձեռնարկէ ուքրանական ճգնաժամին հետ կապուած, ապա նոյնը պէտք է ընէ Պաղեստինի իրավիճակին նկատմամբ», Ուաշինկթընի մէջ ԱՄՆ-ի եւ Հարաւարեւելեան Ասիոյ պետութիւններու միութեան (ASEAN) գագաթաժողովէն յետոյ լրագրողներուն ըսաւ Եագուպը:

Ան յաւելած է՝ ըսելով. «ԱՄՆ-ն պէտք է ազնիւ ըլլայ, անոնք պէտք է դադրեցնեն Իսրայէլի վայրագութիւնները Պաղեստինի մէջ»:

Եաագուպ Ուաշինկթընին կոչ ըրած է «օգտագործելու իր ազդեցութիւնը ռուս-ուքրանական ճգնաժամը կարգաւորելու համար` նշելով, որ «հարաւարեւելեան Ասիոյ երկրները նոյնպէս կը զգան այս հակամարտութեան հետեւանքները, յատկապէս պարենային ապրանքներու գիներու աճը»:

ASEAN-ի ղեկավարներու հանդիպումը անոնց առաջին խմբային հանդիպումն է Ուաշինկթընի մէջ եւ առաջինն է որ կը հիւրընկալուի ԱՄՆ նախագահի կողմէ 2016 թուականէն ի վեր:

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն խոստացած է «150 միլիոն տոլար ծախսել` օգնելու բարելաւելու ASEAN-ի երկիրներու ենթակառուցուածքները, անվտանգութիւնը եւ անոնց պատրաստութիւնը` դիմակայելու «Քովիտ»ի համաճարակին»: