ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդն ընդունած է ԱՄՆ-ի՝ Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի փուլային հաստատման ծրագրի բանաձեւը։ Այս ծրագիրը աւելի վաղ ներկայացուցած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը։ Բանաձեւին կողմ քուէարկած է 15 երկրէն 14-ը։ Ռուսիա ձեռնպահ մնացած է քուէարկութենէն, յայտնած է kommersant.ru-ն։
Իսրայէլի եւ պաղեստինեան արմատական «Համաս» շարժման միջեւ հրադաարի ծրագիրը կը ներառէ երեք փուլ. առաջինը կ՚ենթադրէ երկու կողմէ անյապաղ կրակի դադրեցում, անկլաւի բնակեցուած շրջաններէն իսրայէլեան զօրքերու դուրսբերում, «Համաս»-ի զինեալներու կողմէ պատանդներու ազատ արձակում եւ Իսրայէլի մէջ ձերբակալուած պաղեստինցիներու փոխանակում:
Երկրորդ փուլը կը ներառէ մնացած պատանդներու ազատ արձակումը եւ իսրայէլեան զօրքերու ամբողջական դուրսբերումը Կազայէն։ Եթէ երկու կողմն ալ համաձայնի, հրադադարը պիտի դառնայ մշտական։
Երրորդ փուլին, ըստ բանաձեւի, պիտի սկսի անկլաւի վերականգնումը։ Բանաձեւը նաեւ կը մերժէ Կազայի հատուածի տարածքային կամ ժողովրդագրական որեւէ փոփոխութիւն: