image

Մահը հայ դատի նուիրեալներէն՝ տօքթ. Հենրի Ասթարճեանի

Մահը հայ դատի նուիրեալներէն՝ տօքթ. Հենրի Ասթարճեանի

Օրերս Ուոթըրթաունի մէջ մահացած է հայ դատի նուիրեալներէն, համայնքային գործիչ եւ տեղի հայ իրականութեան մէջ յարգուած բժիշկ ՝Հենրի Ասթարճեանը։ 

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ «Հայրենիք» պարբերականէն, որ մասնաւորապէս գրած է՝

 «Հայրենիք» եւ «Արմինիըն Ուիքլի» կը գուժեն մահը՝ Տոքթ․ Հենրի Ասթարճեանի, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, Ապրիլ 2-ին Նիւ Հեմշիրի մէջ։

Հայ Դատի անխոնջ ծառայող, տոքթ․ Ասթարճեան բժշկութեան կողքին, մօտէն կը հետեւէր քաղաքականութեան։ Ծնած Քիրքուք Յունուար 1934-ին, ան 1966-ին գաղթած էր Միացեալ Նահանգներ։ Քիւրտերու հետ մօտիկ յարաբերութիւններ ստեղծած, ան 2007-ին լոյս ընծայած էր «Struggle for Kirkuk, The: The Rise of Hussein, Oil, and the Death of Tolerance in Iraq» գիրքը, որ մեծ ընդունելութիւն գտած էր։

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Հինգշաբթի, Ապրիլ 11-ին, ժամը 11:00-ին, Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Նիւթընի (Մասաչուսէց) գերեզմանատունը: