Հայաստանի գրողներու միութիւնը կը հաղորդէ, որ այսօր մահացած է ժամանակակից բանաստեղծ, արձակագիր, լրագրող եւ հրապարակախօս Արմէն Շեկոյեանը: Մտաւորականը մահացած է հիւանդութեան պատճառով:
Արմէն Շեկոյեան ծնած է 1953 թուականի մարտ 28-ին: 1974 թուականին աւարտած է Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի բանասիրական բաժինը: 1985 թուականին ուսանած է Մոսկուայի Մաքսիմ Կորքիի անուան գրականութեան հիմնարկի գրական բարձրագոյն դասընթացներուն։ Աշխատած է Երեւանի բժշկական հիմնարկին մէջ, իսկ 1976-1990 թուականներուն՝ «Ծիծեռնակ» ամսագրի մէջ, Գրական հիմնարկի «Սովետական գրող» հրատարակչութեան մէջ, ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան մէջ: 1990-1992 թուականներուն եղած է «Նայիրի» հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր, 1992-1997 թուականներուն եղած է Յովհ. Թումանեանի տուն-թանգարանի տնօրէնը։
Յայտնի են գրողի «Մետաքսի ճանապարհ», «Երեւան-հիւրանոց», «Անդիպոեզիա», «Թուղթ ու գիր», «Բախտ», «Ճոճք», «Ճամբորդ արեւը», «Անձրեւ, անձրեւ, մի արի» եւ այլ գրքերը: