image
Հրատապ լուրեր:

Մահացած է ՀՀ նախկին պատգամաւոր՝ Վրէժ Մարկոսեան

Մահացած է ՀՀ նախկին պատգամաւոր՝ Վրէժ Մարկոսեան

Երկարատեւ հիւանդութենէ ետք մահացած է ՀՀ ԱԺ նախկին պատգամաւոր, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութիւն ՓԲԸ գլխաւոր տնօրէն Վրէժ Մարկոսեանը:

Ան 73 տարեկան էր. ծնած է 1950թ. մարտի 15-ին Ապարանի մէջ: Աշխատանքային գործունէութեան ընթացքին արժանացած է տարբեր պարգեւներու, այդ շարքին՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բարձրագոյն շքանշանին (2006թ.), Թէքէեան մշակութային կեդրոնի «Ադամանդակուռ Արարատ» շքանշանին (2007թ.), «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւնների համար» 2-րդ աստիճանի մետալին (2010թ., ՀՀ):

Հոգեհանգիստը տեղի պիտի ունենայ 13 յունուարին՝ ժամը 18։00-ին, յուղարկաւորութիւնը՝ յաջորդ օրը, ժամը 14։00-ին, Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ։