Տխուր լուր ստացանք Երեւանէն։
Մահացած է իր շրջանակին մէջ սիրուած է յարգուած ՝ Գարեգին Գէորգը։
Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով Երեւան փոխադրուած Գարեգին Գէորգ ծնած էր Գամիշլի մէջ 1949 թուականին։
Իր ընտանիքին, զաւակներու ու թոռներոուն ծառայելէ անդին եղած է աշխոյժ բարեպաշտ անդամը տեղի եկեղեցական կառոյցներուն ու տարբեր փուլերու ալ ընտրուած է անդամ Գամիշլիի, Հասիչէի եւ Ռաս ուլ այնի թաղապետական խորհուրդներուն։
Հողի բուրմունքով օծուն Գարեգին Գէորգը, իր ցուցաբերած գուրգուրանքին եւ զաւականերուն ու թոռներուն հանդէպ ունեցած գորովագին վերաբերմունքին համար կոչուած է ՝ բարի հայրիկ։
Նշենք, որ հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը տեղի ունեցած է Երեւանի Մալաթիոյ շրջանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Այս առթիւ մեր ցաւակցութիւնները կը յղենք հանգուցեալի հարազատներուն եւ մասնաւորապէս Յունաստանի Հայոց Թեմի փոխառաջնորդ Հոգշ. Տ. Յովհաննէս ծ.վրդ. Սաղտըճեանին։