image

Լոյս տեսած է Ռաֆֆի Քորթոշեանի նոր հատորը՝ «Արցախի վտանգուած հայկական քրիստոնէական ժառանգութիւնը» խորագրով

Լոյս տեսած է Ռաֆֆի Քորթոշեանի նոր հատորը՝ «Արցախի վտանգուած հայկական քրիստոնէական ժառանգութիւնը» խորագրով

Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամը (ՀՃՈՒ) հրատարակած է Ռաֆֆի Քորթոշեանի «Արցախի վտանգուած հայկական քրիստոնէական ժառանգութիւնը»  գիրքը՝ անգլերէն լեզուով:

Այն լոյս է տեսած է ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութեան տրամադրած դրամաշնորհով, ՀՃՈՒ հիմնադրամի գիտական խորհուրդի երաշխաւորութեամբ եւ արուեստի պատմութեան փրոֆեսոր Թալին Գրիգորի խմբագրութեամբ:

Գիրքը բաղկացած է երկու բաժիններէ: Առաջին բաժնին մէջ կը ներկայացուին 1991 թուականէն մինչ օրս Ատրպէյճանի ենթակայութեան տակ գտնուող տարածքներու մէջ հայկական պատմաճարտարապետական յուշարձաններու ոչնչացումը փաստող նիւթերը: Երկրորդ բաժնին մէջ ներկայացուած են Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք Ատրպէյճանի զինուած ուժերու վերահսկողութեան ներքոյ անցած պատմամշակութային յուշարձանները ըստ շրջաններու (Հադրութ, Քարվաճառ, Քաշաթաղ, Ասկերան, Մարտակերտ, Մարտունի, Շուշի):

Գիրքի թուային տարբերակը հասանելի է ՀՃՈՒ հիմնադրամի կայքէջին՝ raa-am.org