image

Լուսանկարիչ Ռաֆֆի Պէրպէրեանի նոր յաջողութիւնը (Լուսանկար)

 Լուսանկարիչ Ռաֆֆի Պէրպէրեանի նոր յաջողութիւնը (Լուսանկար)

 Լիբանանահայ շրջանակներուն մօտ ծանօթ անուն հանդիսացող Ռաֆֆի Պէրպէրեանը վերընտրուած է Լիբանանի լուսանկարիչներու (լրագրող-լուսանկարիչներու) սենտիքայի անդամ։

 

 Նշենք, որ արուեստի շունչով յագեցած եւ քաղաքական իրադարձութիւններու մեծ պրիսմակը ներկայացնող Ռաֆֆի Պէրպէրեան երկար ժամանակէ ի վեր կը զբաղի լուսանկարչութեամբ։

 

 Ան եղած է Լիբանանի նահատակ վարչապետ ՝ Ռաֆֆիք Հարիրիի սեփական լուսանկարիչը, իսկ ներկայիս ալ կը վարէ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Զօր. Միշէլ Աունի լուսանկարչական խմբակի պատասխանատուի բարձր պաշտօնը եւ միեւնոյն ժամանակ ալ կը գործէ, որպէս նախագահի եւ նախագահականի գլխաւոր լուսանկարիչ։

Պէրպէրեան տարբեր առիթներով ալ ներկայացած է լուսանկարչական ցուցահանդէսներով ու նաեւ հանդէս եկած նորահաս սերունդը դէպի լուսանկարչութեան աշխարհ մղելու նախաձեռնութիւններով։ 

 

 Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք մեր թերթի ազնիւ բարեկամին։