ՀՀ Ոստիկանութիւնը մանրամասն տեսանիւթ մը տարածած է Մասիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցածին վերաբերեալ։
Կը նշուի նաեւ, որ երկու կրակոցի ձայն լսուած է, որմէ ետք Մասիսի քաղաքապետարան մուտք գործած 36-ամեայ Եդուարդ Մարգարեանը չէ արձագանգած, ոչ ոստիկանութեան, ոչ ալ նոյնիսկ իր մօր յորդորներուն։
Աւելի ուշ ոստիկանութիւնը որոշած է յատուկ գործողութիւն մը կատարել վնասազերծելու համար Մարգարեանը ու նաեւ պարզուած է, որ ան ինքնասպան եղած է։
Մանրամասնութիւնները ՝ տեսանիւթով։