image

Լիբանանը կը կաղայ, սակայն նահանջ չի ճանչնար

Լիբանանը կը կաղայ, սակայն նահանջ չի ճանչնար

«Քաղաքական գործիչները ամէնուրեք միեւնոյնն են: Անոնք կամուրջ կառուցանել կը խոստանան հոն ուր գետ գոյութիւն չունի»:

Նիքիթա Խրուշչեւ

Նախկին պետական ղեկավար Սովետ Միութեան

 

Այսպէս կոչուած ՙԱրաբական գարուն՚-էն ծնունդ առած համատարած կործանումը արաբական կարգ մը երկիրներու մէջ 2010 թուականի Դեկտեմբերէն սկսեալ, մինչեւ այսօր իր բացասական անդրադարձը կþունենայ Միջին Արեւելքի մէջ: Սուրիոյ երբեմնի կայուն քաղաքական եւ տնտեսական վիճակը տասնամեակէ մը աւելի խարխաբումի մէջ կը տուայտի քաղաքացիական պատերազմի իբրեւ արդիւնք: Թէեւ Ռուսիոյ եւ Իրանի առատաձեռն զինուորական օժանդակութեան շնորհիւ նախագահ Պաշշար Ասատ կառչած մնաց նախագահական իր աթոռին, սակայն քարուքանդ եղած երկիրը` մայրաքաղաք Դամասկոսը զանց ընելով, վերաշինութեան ոչ մէկ յոյս կը յայտնէ: Սակայն ինչ որ հարեւան Լիբանանի համար կենսական կը մնայ, Սուրիոյ ներկայ վարչաձեւին ոչ կրօնամոլ հանգամանքին պահպանումն է: Բացայայտ իրողութիւն է, արդարեւ այն թէ, Լիբանանի կրօնական հաւասարակշռութիւնը զօրաւոր ցնցումի ենթարկուած պիտի ըլլար, իր բոլոր աղիտալի պատուհասներով, եթէ իսլամ ծայրայեղականներ Դամասկոսի իշխանութիւնը խլէին:

Աշխարհագրականօրէն ըլլալով փոքր տարածութեամբ երկիր մը, ուր գոյութիւն ունին տասնեակ մը յարանուանութիւններ, Լիբանանը միշտ տուժած է շրջանային մրցակցութիւններէ եւ մեծ պետութիւններու հակամարտութիւններէն: Այս բոլորին վրայ եթէ  աւելցնենք նաեւ շուրջ կէս միլիոն պաղեստինցի գաղթականները, աւելի քան մէկ միլիոն սուրիացիներու կողքին, յստակ կը դառնայ երկրին անդորրութեան սպառնացող վտանգը:

Այս շրջանին Իրան-Սէուտական Արաբիա ցուրտ պատերազմը Լիբանանը դատապարտած է կողմերէն մէկուն հետ դիրքորոշուելու: Տասնամեակներ ամբողջ, Լիբանանը տնտեսական հսկայ օժանդակութիւն ստացած է Արաբական Ծոցի միապետութիւններէն: Պէյրութը միշտ մնացած է Արեւմուտքի ծիրէն ներս եւ ծոցէն հոսող տնտեսական նպաստը տրամաբանական արդիւնքն է այդ հանգամանքին: Վերջին տասնամեակներուն, սակայն երբ Իրանի կրօնապետները երկրին քաղաքական ուղեգիծը Միջին Արեւելքի մէջ գործածեցին իրենց ազդեցութեան գօտին ընդարձակելու, անխուսափելին պատահեցաւ: Իսլամ կրօնքին գլխաւոր երկու թեւերը` սիւննի եւ շիի իրարու հակադարձուեցան: Իսլամ կրօնքի սրբութիւն սրբոց սրբավայրերու գոյութիւնը երաշխաւորող Սէուտական Արաբիան չէր կրնար հանդուրժել Իրանի ոտնձգութիւնները արաբական բարեկամ երկիրներու մէջ: Առաջին զոհը այս խելագար մրցակցութեան, Եմէնը դարձաւ: Պահրէյնը` իր 80 առ հարիւր շիի բնակչութեամբ, Սէուտական Արաբիոյ նեցուկով, Իրանը զայն կլանելու բոլոր փորձերը վիժեցուց: Իրաքի մէջ եւս, ուր շիիները բացարձակ մեծամասնութիւն կը կազմեն, Թեհրանը չյաջողեցաւ իր թեւերը տարածել:

Լիբանանի պարագան բոլորովին տարբեր պատկեր մը կը պարզէ: Առանց զբօսաշրջիկութեան եւ թեթեւ ճարտարարուեստի, ինչպէս նաեւ արտասահման բնակող լիբանանցիներու նիւթական օգնութեան` Լիբանանի տնտեսութիւնը ենթակայ է անխուսափելի փլուզումի: Այս բոլորին վրայ արդարեւ եթէ աւելցնենք համաճարակին պատճառած արհաւիրքը, յստակ կը դառնայ երկրին տնտեսական-ընկերային անցուկ կացութիւնը:

Ինչպէս ազատ շուկայի մէջ առնել-տալու սովորութիւնը կը կիրարկուի, նոյնն է պարագան նաեւ երկիրներու միջեւ: Երբ Ռիատը, Ծոցի միւս երկիրներու կողքին, տնտեսական օժանդակութեան ձեռք կը մեկնէ Լիբանանի, փոխադարձաբար կ՛ակնկալէ Լիբանանի բարեկամութիւնն ու դաշնակցութիւնը: Սակայն երբ այս ակնկալութիւնը կը դառնայ պահանջ` երկկողմանի կապերը կը տուժեն: Ռիատի պահանջը Պէյրութի իշխանութիւններէն, որ հետագային սպառնալիքի վերածուեցաւ, հրաժարիլ Իրանի հետ սահուն յարաբերութիւններ մշակելէ, անշուշտ շատ ցաւալի անդրադարձ ունեցաւ Լիբանանի տնտեսութեան վրայ: Սէուտական Արաբիան քաջ կը գիտակցի թէ Լիբանանի մէջ հսկայ ոյժ մը գոյութիւն ունի որ ամէն գնով կþուզէ պաշտպանել Իրանի հետ իր կապերը: Լիբանանի համար լոկ անձնատուութիւն պիտի ըլլայ երես դարձնել Իրանէն: Քանի մը օրեր առաջ, Լիբանանի վարչապետարանէն յուսադրիչ լուր մը հաղորդուեցաւ, ըստ որուն վարչապետ Միքաթի ռամատանի շրջանին պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի կատարէ Ռիատ, անսալով Սէուտական Արաբիոյ պաշտօնական հրաւէրին: Աւելի՛ն. Ապրիլի 9-ին, Քուէյթ յայտարարեց իր դեսպանին Պէյրութ վերադարձը: 

Զուսպ լաւատեսութեամբ կարելի է ընդունիլ Պէյրութ վերադարձը Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին: Իր պաշտօնը վերստանձնելէ սոսկ քանի մը օրեր ետք միայն, սէուտցի դիւանագէտը ճաշկերոյթ մը սարքեց իր ապարանքին մէջ:  Բարձրաստիճան հրաւիրեալներուն մէջ էին Լիբանանի վարչապետը, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ դեսպանները, իրենց կողքին ներկայ էին նաեւ տեղացի քաղաքական ակնառու գործիչներ: Քաղաքական դէտերու աչքէն վրիպած չէ ներկայութիւնը Լիբանանի դահլիճին մաս կազմող Հըզպալլա կուսակցութիւնը ներկայացնող նախարար մը:

Լիբանանի քայքայուած տնտեսութեան հաւանական վերականգնումի միակ երաշխիքը պիտի ըլլայ, պահպանելով հանդերձ իր կապերը Թեհրանի հետ, առանց հաւատարմօրէն հետեւելու անոր արկածախնդրութիւններուն Միջին Արեւելքի մէջ, վերակենդանացնել իր աւանդական ջերմ եւ շահաբեր յարաբերութիւնները Ծոցի երկիրներուն հետ: Մեծապէս յուսալի պէտք է ըլլայ վարչապետ Միքաթիի Ռիատ այցելութիւնը:

Մայիս ամսուան հաւանական երեսփոխանական ընտրութիւնները կըրնան յուսալիօրէն առաջնորդել Լիբանանը դէպի կայունութիւն,  աստիճանաբար երկիրը վերցնել տնտեսական տիղմէն եւ յոյս ներշնչել հասարակ ժողովուրդին:

Աւա՜ղ, վերջին երեք տարիներուն լիբանանցի զանգուածը զրկուեցաւ ամենատարրական մարդկային հոգածութենէն: Նախագահ, վարչապետ, նախարար եւ երեսփոխան խիստ բծախնդրութեամբ շարունակեցին պաշտպանել իրենց իրաւունքներն ու շահերը անհատապէս եսասիրութեամբ, բոլորովին անտեսելով երկրին եւ լիբանանցիին հիմնական շահերը: Անոնք բոլորն ալ անխտիր լքեցին իրենց բարոյական պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը:  Լիբանանի բազմազան վէրքերը պիտի չսպիանան, այնքան ատեն երբ գձուձ հաշիւներէ մեկնած քաղաքական ներկայ աւագանին միացեալ ուժերով օգնութեան չի հասնիր կարօտեալ ժողովուրդին: 

Դրական զարգացումներու նախանշաններ կան Լիբանանի հորիզոնին վրայ: Քաղաքական գործիչներու սրբազան ուխտը պէտք է ըլլայ վերջ դնել ներքին կեղեքումներուն, տնտեսական անհրաժեշտ բարեկարգումներ իրականացնել եւ առ այդ երկիրը առաջնորդել դէպի յուսալի ապագայ մը:

 

Ներսէս Պապայեան

Նիւ Եորք

 

Նիւթը՝ «Պայքար»էն: