image

Լիբանանի մէջ. Նախագահի ընտրութեան երկրորդ նիստը տապալեցաւ

 Լիբանանի մէջ.  Նախագահի ընտրութեան երկրորդ նիստը տապալեցաւ

 Տեղին է յիշեցնել, որ 13 հոկտեմբեր 1990-ին , եւ սուրիական ուժերու քրիստոնէական շրջաններ թափանցելու հետեւանքով զոհուած էին Լիբանանեան բանակի հարիւրաւոր քաջարի զինուորներ, որոնք մերժած էին յանձնուիլ եւ վճռած էին մինչեւ վերջ կատարել իր խոստումը դրժած եւ առաջինը «հեռացած» ղեկավարին հրամանները։

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրիի հրաւէրով այսօր տեղի ունենալիք նիստը  չկայացաւ։

Պատճառը անշուշտ նիստ գումարելու իրաւական թիւի (որն է 128 երեսփոխաններու  86 երեսփոխաններու պարտադիր ներկայութիւնը ) չապահովուիլն էր , որուն հետեւանքով ալ Պըրրի յայտարարեց, որ նիստը պիտի չգումարուի։

Երեսփոխաններու պիտանի թիւի բացակայութեան հիմնական պատճառը «Ազգային ազատ հոսանք»ի «Ուժեղ Լիբանան» պլոքի անդամներուն բացակայութիւնն էր, եւ անոնք մերժած էին ներկայ ըլլալ նիստին ըսելով, որ այսօր 13 հոկտեմբերին նիստ գումարելու Պըրրիի առաջադրանքը մերժելի է։

 Յիշեցնենք, որ 13 հոկտեմբերը տխուր օր է լիբանանցիներուն համար, եւ այդ օրը (1990-ին) սուրիական ուժեր հարուածած էին Պաապտայի նախագահական պալատը ստիպելով ներկայ նախագահ Աունը (այդ օրերու զինուորական-փոխանցման կառավարութեան վարչապետ), որ ստիպուած ըլլայ հեռանալ պալատէն եւ ապաստանիլ Ֆրանսայի դեսպանատուն, որմէ ետք ալ ընտրէ Ֆրանսայի մէջ «աքսորական»ի կեանք մը վարելու ընտրանքը։