image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանի մէջ. Հացի տագնա՞պ

  Լիբանանի մէջ. Հացի տագնա՞պ

Լիբանանի տնտեսական տագնապի ֆոնին, հացեղէնի եւ փուռերու արհմիութիւնը (սենտիքան) յայտարարութիւն տարածած է, ուր կ'ըսէ, թէ «հացեղէնի եւ փուռերու ոլորտը օրերէ ի վեր կը տառապի հաց թխելու հարկաւոր ալիւրի մատակարարումի պակասէ»: Արհմիութիւնը վերագրած է այս տագնապը զանազան պատճառներու՝  Լիբանանի դրամատան կողմէ  ցորենը ներմուծելու վճարումի ուշացումը,  թեփի քանակներու կուտակումը ջրաղացներու պահեստանոցներուն մէջ, ինչ որ թոյլ չի տար այդ գործարաններուն շարունակել ալիւրի արտադրութիւնը: 

Արհմիութիւնը նաեւ կոչ ըրած է պատկան մարմիններուն  «արագօրէն լուծում գտնելու այս տագնապին, հացի ճգնաժամ մը կանխելու համար, յատկապէս, որ ալիւրի մատակարարումները փուռերուն հազիւ կը բաւարարեն հացի օրական կարիքը»։

Արհմիութիւնը նաեւ ըսած է, որ «փուռերը պիտի շարունակեն աշխատիլ մինչեւ որ ալիւրը սպառի, ապա պիտի ստիպուին հարկադրաբար դադրիլ հաց թխելէ»: Արհմիութիւնը խնդրած է պատասխանատուներէն շտապ լուծել հարցը  «քանի դեռ ուշ չէ»։

Լուրը՝ Ալ Նահար կայքէն