image

Լիբանանցի տաղանդաւոր երաժիշտ Ռոմիօ Լահուտ ոչ եւս է

Լիբանանցի տաղանդաւոր երաժիշտ Ռոմիօ Լահուտ ոչ եւս է

Պէյրութի մէջ 92 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքած է լիբանանցի յայտնի երաժիշտ, երգահան եւ գրող Ռոմիօ Լահուտ: Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ լիբանանեան ԶԼՄ-ներէ:

Ռոմիօ Լահուտ կը համարուի 1960-ական թուականներէն մեծ ծաղկում ապրած լիբանանեան երաժշտախառն թատրոնի կերտիչներէն գլխաւորը: Ան համագործակցած է Ռահպանիներու, Ֆէյրուզի, Սապահի, Սալուա Աթրիպի եւ Lիբանանի 70-ականներու գեղարուեստի բարձրակէտին գտնուած բազմաթիւ աստղերու հետ:

Ռոմիօ Լահուտի մահը մեծ ցաւ պատճառած է Լիբանանի, մասնաւորապէս արուեստի շրջանակներուն առընթեր հանրային կարծիք ստեղծող տարբեր գրողներու, ինչպէս նաեւ լրագրողներու, որոնք անոր մահուան բօթը տալով, նշած են, որ Ռոմիօ Լահուտ կը հեռանայ՝ մտահոգ եւ տխուր. մտահոգ՝ Լիբանանի ընդհանուր վիճակով ու նաեւ անոր ապագայով:

Նշեքն նաեւ, որ Ռոմիօ Լահուտի անունը կը կապուի 70-ականներուն արաբական աշխարհի կտրուածքով արուեստի մեծաշուք փայլատակումներու բեմահարթակ դարձած Պաալպէքի, ինչպէս նաեւ այլ շրջաններու փառատօներուն, որ նաեւ առիթ կը դառնային հազարաւոր արաբ եւ օտար զբօսաշրջիկներուն Լիբանան այցելութեան: