image

Լիբանանցի սիրուած երգիչ՝ Ուաէլ Քֆուրի ծանր արկածի ենթարկուած

  Լիբանանցի  սիրուած  երգիչ՝  Ուաէլ  Քֆուրի  ծանր արկածի ենթարկուած

Լիբանանցի  հանրայայտ  երգիչ՝ Ուաէլ  Քֆուրի  ինքնաշարժի  ծանր արկածի ենթարկուած է։ 

Այս  մասին «Արեւելք»   տեղեկութիւն քաղեց «Ալ  Նահար»   պարբերականի  կայքէն։

Աղբիւրը  նաեւ կը նշէ, որ արկածը  պատահած է    Ժիպէյլ ծովեզերեայ  շրջանի   մայրուղիին  վրայ եւ   Քֆուրի արագօրէն   փոխադրուած է  հիւանդանոց։ 

 Ներկայիս ան կը գտնուի   բժիշկներու հոգածութեան տակ  եւ  անոր  առողջական  վիճակը  գնահատուած է՝  կայուն։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ մասնաւորապէս  90-ականներէն սկսեալ   երգարուեստի  հրապարակին  վրայ   ազդեցիկ  անուն հանդիսացող  Քֆուրիի  անունը   սիրուած  անուն  կը համարուի, ոչ միայն  Լիբանանի, այլ  ամբողջ  արաբական աշխարհին մէջ։