image

Լիբանանի մէջ. Տագնապ ստեղծած զինեալ քաղաքացին ձերբակալուեցաւ (Տեսանիւթ)

 Լիբանանի մէջ. Տագնապ ստեղծած զինեալ քաղաքացին ձերբակալուեցաւ (Տեսանիւթ)

Լիբանանի ծովեզերեայ Ճիւնի քաղաքը  կիրակի օր լրահոսի կարեւոր առանցք դարձաւ։

Խնդիրն այն է, որ շատ հաւանաբար հոգեկան տատանումներ ապրող լիբանանցի քաղաքացի մը, որ «ոտից-գլուխ» զինուած էր «դիրք բռնեց» Ճիւնիի կեդրոնական մէկ հրապարակին վրայ եւ վախի մթնոլորտ տարածեց բնակիչներուն մօտ։ 

 Քաղաքացին, որ լաւապէս զինուած էր աւազեայ թումբեր շարեց, քրիստոնէական միլիցներու երգեր հնչեցուց եւ սկսաւ «հերթապահութիւն» ընել, մինչ անցորդները սառած աչքերով կը հետեւէին անոր շարժուձեւերուն։

 Աւելի ուշ Լիբանանի գաղտնի սպասարկութեան եւ բանակի մասնայատուկ ուժեր  յաջողեցան ձերբակալել քաղաքացին, որ շատ հաւանաբար ունէր հոգեկան խնդիրներ։

 Ի դէպ սա առաջին դէպքը չէ, որ տեղի կ՚ունենայ Լիբանանի մէջ, բան մը որ ցաւոտ ցուցանիշ է այդ երկրին մէջ տիրող բարդագոյն վիճակներուն։