Աւելի քան ամիսէ մը ի վեր ԱՄԷ-ի բանտերուն մէջ մնացած Լիբանանցի բժիշկ Ռիշար Խարրաթ ազատ արձակուելէ ետք վերադարձաւ՝ Լիբանան։
Այս մասին լուրերը տարածուեցան ընկերային ցանցերու եւ մասնաւորապէս «Թուիթըր»ի էջերուն վրայ։
Ազատ արձակման լուրին կողքին ընկերային ցանցերու վրայ ազդեցիկ դեր ունեցող անձնաւորութիւններ շնորհակալութեան խօսք յղեցին Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Զօր. Միշէլ Աունին, ինչպէս նաեւ բժիշկին հարազատ եղբօր ՝ Մարուն Խարրաթին, որ մեծապէս նպաստած են, որպէսզի Խարրաթ ազատութեան մէջ յայտնուի։
Յիշեցնենք, որ կարգ մը աղբիւրներ աւելի վաղ հաղորդած էին, որ Խարրաթ ձերբակալուած է Իմարաթեան իշխանութիւններուն կողմէ տարիներ առաջ կատարուած գրառումներուն համար։
د . #ريشار_خراط للمرة الألف أهلا و سهلا فيك بوطنك و بين عيلتك و محبينك و داعمينك بوطنك الغالي #لبنان #ريشار_خراط pic.twitter.com/dj5wh2PS7G
— المهندس (@architect197631) April 29, 2022
Խարրաթ յայտնի վիրաբոյժ եւ մանկաբարձ բժիշկ է, որ նաեւ իր կատարած վիրաբուժական գործողութեանց ընթացքին յանուն հիւանդի հանգստութեան եւ անշուշտ հիւանդի համաձայնութեամբ տարբեր ժանրի երաժշտական կատարումներ լսելի կը դարձնէ։ Խարրաթի մասին յաւելեալ կարդալու համար սեղմել ՝այստեղ։