image

Լիբանանահայ ՝ Վիգէն Իւլճէքեան Պաքուի հիւանդանոց փոխադրուած է

Լիբանանահայ ՝ Վիգէն Իւլճէքեան Պաքուի հիւանդանոց փոխադրուած է

 Ատրպէյճանի կողմէ գերեվարուած լիբանանահայ երիտասարդ ՝ Վիգէն Իւլճէքեան Պաքուի բանտը փոխադրուած է։

Այս մասին իր դիմատետրի էջին գրած է հայրենի քաղաքական գործիչ՝ Նայիրա Զոհրապեան։

 Զոհրապեան նաեւ յիշեցուցած է, որ Իւլճէքեան ունի առողջական լուրջ խնդիրներ յոյս յայտնելով, որ անոր ազատութեան համար երեւելի ճիգեր կ՚իրականացնէ Լիբանանի պետութիւնը, ինչպէս կատարուեցաւ գերեվարուած Մարալ Նաճարեանի պարագային։

 

 Յիշեցնենք, որ Իւլճէքեան դատուած էր եւ անոր դէմ հրապարակուած էր 20 տարուան բանտարկութեան վճիռ, իսկ անոր հիւանդանոց փոխադրուիլը երկրորդ անգամն է, որ կը կատարուի եւ այդ մասին ալ «Արեւելք» գրած էր աւելի վաղ։