Լիբանանահայ Ժոէլ Մարտինեան, որ օրերս ամառնային արձակուրդով մը կը գտնուի Ֆրանսայի Քան քաղաքը քննադատութիւններու արժանացած է։
Այս մասին իմացանք lebanon 24 կայքէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ, թէ Ժոէլ ծովազգեստով իր քաշուած պատկերը տեղադրած է «Ինսթակրամ» հարթակին վրայ, որմէ ետք ալ զինք քննդատութեան թիրախ դարձուցած են շարք մը օգտատէրեր։
Մինչ Ժոէլ լուսանկարին կողքին գրառում մը կատարած է նշելով, որ այդ օրը իր համար արժէքաւոր ու անմոռանալի օր է, անդին զինք քննդատաողները գրած են, որ այդ նկարը անյարմար է եւ «կարծէք Լիբանանի մէջ բան չէ պատահած ...»։
Յիշեցնենք, որ լիբանանահայ Ժոէլ յայտնի գեղեցկագէտ է եւ հանդէս կու գայ գեղեցկագիտութեան նուիրուած յայտագիրներով։
Յիշեցնենք, որ Լիբանանի մէջ առկայ տնտեսական սուր պայմանները յաճախ առիթ կը դառնան, որ քաղաքացիներու ապրած դժուարութիւնները իրենց արձագանգը գտնեն նաեւ ընկերային էջերուն վրայ։