image

«Ես պատրաստ եմ, Էրտողանի շունը դառնալու».Թուրք պլոքըրը սուր քննադատութեան թիրախ (Տեսանիւթ)

 «Ես պատրաստ եմ,  Էրտողանի  շունը դառնալու».Թուրք պլոքըրը սուր քննադատութեան թիրախ (Տեսանիւթ)

 

 Թուրքիոյ «Դիք թոք» հարթակի յայտնի անուններէն՝ Գաան Օզիլ օրերս բուռն քննադատութիւններու թիրախ դարձած է։

Պատճառն այն է, Գաան վերջերս նկարած իր կարճ տեսանիւթին ընթացքին, ոչ միայն դրուատական խօսքեր ուղղած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հասցէին, այլ զայն որակած է իբրեւ՝ «Մարգարէ»։

 Ան մասնաւորապէս ըսած է «Եթէ այս աշխարհ նոր մարգարէ մը գայ, ապա անոր անունը Ռէճէփ Թայէպ Էրտողան  պիտի ըլլայ։Դուք բոլորդ կը նախանձիք իրմէ , որովհետեւ ան պալատներու մէջ կ՚ապրի։

Ինչ փոյթ այդ բոլորը, թող ան պալատի մէջ ապրի եւ ես անձնապէս պատրաստ եմ իր շունը դառնալու»։ Հեգնական ոճով նկարահանուած (տեսնել ներքեւը) տեսանիւթին մէջ Օզիլ խեղդուելու շարժումներ կատարած է, որուն համար ալ մեծ թիւով օգտատէրներ զինք համարած են հոգեբոյժի այցելութեան արժանի անձ։

Թուրքիան կը մտնէ ընտրութիւններու բաւականին բարդ փուլ մը, որու ընթացքին ալ նման «սայթաքումներ» սպասելի են։

 

Լուրը համադրաբար՝ «Արեւելք»ի