Հակառակ տարուող մեծ ճիգերուն «Քորոնա» վարակը կը շարունակէ աւերներ գործել Սփիւռքի տարբեր համայնքներէն ներս։
Այս առումով վերջին ծանր լուրը ստացանք Պէյրութէն եւ ըստ «Արեւելք»ի Լիբանանի աղբիւրին օրերս մահացած է Փաթրիք (Խորէն) Տէր Աբրահամեանը։
Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ գործարարական ոլորտին մէջ ինքզինք փաստած եւ կարեւոր յաջողութիւններուն հասած Փաթրիք անցնող տաս օրերուն կը գտնուէր հիւանդանոց եւ կը պայքարէր մահուան դէմ։
Ուշագրաւ է, որ հակառակ հայկական միջավայրէն քիչ մը հեռու ըլլալուն Փաթրիք իր զաւակները կ՚ուղարկէր Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, խոր համոզում ունենալով, որ Ճեմարանը հայկական կտրուածքով կը համարուի լաւագոյն ուսումնարաններէն մին։
Նշենք, որ հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի կայացուի այսօր հինգշաբթի ՝Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ուրկէ ալ անոր մարմինը պիտի փոխադրուի իր ծննդավայր ՝Այնճար։