Օրերս ամերիկացի աշխարհահռչակ եւ տաղանդաւոր դերասան Մէլ Կիփսըն այցելած է Լոս Անճելըսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցի։
Այս մասին Կիփսըն գրառում կատարած է «Ինսթակրամ»ի իր էջով, նշելով նաեւ, որ ուրախութիւն ապրած է Աստծոյ տուն այցելելով։
Տեղադրուած լուսանկարէն պարզ կը դառնայ, որ մեծ դերասանին ընկերակացած է լիբանանահայ տաղանդաւոր երգիչ՝ Անթուան Պէզճեան, որ վերջին տարիներուն հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ։
«Արեւելք»ի ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Կիփսըն Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի օրերուն հանդէս եկած էր յատուկ ուղերձով ու մասնաւորապէս գրառած «Մեծ տխրութեամբ լսեցի, թէ ինչ կը կատարուի Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Ես շատ հայ ընկերներ ունիմ Միացեալ Նահանգներու մէջ, որոնք կը պատմեն այս օրերուն իրենց հարազատներու կորուստին մասին... Հայերը ես շատ կը յարգեմ՝մեծահոգի եւ ամուր մարդիկ են, որոնք այսօր բաւական ծանր դժուարութիւններու առջեւ են»։