Օրերս Լիբանան գտնուող Շիրակի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Միքայէլ արք. Աջապահեան այցելութիւն տուած է երկրի քրիստոնէական կարգ մը սրբավայրեր։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Լիբանանահայ հասարակական գործիչ՝ Տիկն. Անահիտ Պուլտուքեան- Տանձիկեանի դիմատետրեան էջէն։
Մեր հայրենակցուհին մասնաւորապէս գրած է ՝
«Ուրբաթ, 22 Յուլիս 2022, կէսօրէ առաջ ժամը 10։30֊ին, Հրայր եւ Անահիտ Տանձիկեաններ տեսակցեցան Գերշ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի հետ, որ կը գտնուէր Պիքֆայայի մայրավանքին մէջ։ Ապա բոլորս միասին այցելեցինք Լիբանանի քրիստոնէական սրբավայրեր, ինչպիսին են Սուրբ Ռաֆքայի եկեղեցին ու բնակավայրը Հէմլայայի մէջ, եւ Սուրբ Անտոնի սրբատեղին, Քոզհայայի մէջ, (Էհտէն լեռնալիբանան)։ Գերշ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը մեծապէս գնահատեց եղած այցերը»։