Մէկ շաբաթ առաջ Պաքուն տեսանիւթեր հրապարակեց Արցախի նախկին նախագահներու եւ ռազմաքաղաքական ղեկավարներու ձերբակալման մասին։
Աւելի ուշ յայտնի դարձաւ, որ անոնց շարքին է նաեւ Արցախի պաշտպանութեան նախկին նախարար, Պաշտպանութեան Բանակի հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը։ Սակայն, ատրպէյճանական կողմը մինչ օրս խնամքով կը թաքցնէ Մնացականեանի ձերբակալման քատրերը։
Անոր գտնուելու վայրի մասին որեւէ տեղեկութիւն առ այսօր չէ հրապարակուած։
MediaHub-ը կապ հաստատած է Լեւոն Մնացականեանի ընտանիքի հետ։ Փոխանցած են՝ ամբողջ խնդիրն այն է, որ այս պահուն իր մասին որեւէ տեղեկութիւն չկայ։
«Ենթադրելի է մի բան, որ ինքն այլ տեղ է պահւում։ Նա սրտի վիրահատութիւններ էր տարել եւ առողջական լուրջ խնդիր ունի։ Միայն Կարմիր խաչն է մէկ անգամ ընտանիքից որոշ դեղեր վերցրել։ Այլ տեղեկութիւն այս պահին չունենք», -ըսած է լրատուամիջոցի զրուցակիցը։
Մնացականեանի ընտանիքն անհանգիստ է ու նաեւ տարօրինակ կը համարէ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ձերբակալման մասով համատարած լռութիւնը։