image

Լեւոն Արոնեանը քառորդ եզրափակիչին պիտի խաղայ Մամետեարովի հետ

Լեւոն Արոնեանը քառորդ եզրափակիչին պիտի խաղայ Մամետեարովի հետ

Լեւոն Արոնեան անցած է արագ ճատրակի «Aimchess US Rapid» առցանց մրցաշարի քառորդ եզրափակիչ, ուր պիտի մրցի ատրպէյճանցի Շաքրիյար Մամետեարովի հետ:

3 խաղային օրերու աւարտին հայրենի կրանտմասթըրը 15 հնարաւորէն վաստակած է 9.5 միաւոր եւ Ալիրեզա Ֆիրուզայի (Ֆրանսա) հետ բաժնած է 3-4-րդ տեղերը: Խմբային փուլին լաւագոյն արդիւնքը գրանցած է 10.5 միաւոր հաւաքած ռուս Վլատիսլաւ Արտեմիեւը: Աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն հաւաքած է 10 միաւոր:

Փլէյ-օֆֆի ուղեգիր նուաճած են 1-8-րդ առաջին ութ դիրքերը գրաւողնները: Խմբային փուլին կը մասնակցէին 16 ճատրակիստներ: 28 Օգոստոսին մեկնարկած մրցաշարը պիտի աւարտի 5 Սեպտեմբերին: