Օրերս Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է բնիկ իրաքահայ եւ երկար տարիներէ ի վեր Միացեալ Նահանգներ հաստատուած ՝ Տօքթ. Լենա Տապպաղեան։
Այս տխուր առթիւ ԱՄՆ-ի մէջ գործող՝ «Իրաքահայերու ընտանեկան միութիւն»ը հրապարակած է կարճ վշտակցութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Խորունկ ցաւով իմացանք «Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութեան» Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Տօքթ. Մարալ Տապպաղեան-Անճարկօլեանի քրոջ, մեծանուն բժշկուհի՝ Տօքթ. Լենա Տապպաղեանի
մահուան տխուր լուրը։
Արդարեւ հանգուցեալ Տոքթ. Լենա Տապպաղեան իր բարեհամբոյր բնաւորութեամբ եւ բժիշկի խղճամիտ ծառայութիւններով, արժանացած էր իր հիւանդներուն եւ մեր ժողովուրդի արդար սիրոյն եւ գնահատանքին:
Այսու գիրով կու գանք յայտնելու մեր խորին ցաւակցութիւնները Միութեանս ժրաջան ատենապետուհի Տոքթ. Մարալ Տապպաղեան-Անճարկօլեանին, անոր զաւակներուն, քրոջը, եղբայրներուն, զարմիկներուն, խնամիներուն եւ բոլոր հարազատներուն։
Թող Տոքթ. Լենա Տապպաղեանի բարի յիշատակը յաւերժ ապրի բոլոր հարազատներուն եւ զինք ճանչցողներուն մտքին ու սրտին մէջ:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։