Ֆրանսական Le Parisien թերթը հաղորդած է, որ երկրի անվտանգութեան իշխանութիւնները խափանած են ծայրայեղ աջ քաղաքական գործիչի մը գլխաւորած յեղաշրջման փորձը։
Հանրահռչակ թերթը յայտնած է, որ Գլխաւոր հետախուզութիւնը խափանած է դեմոկրատական շարժման «MoDem» կուսակցութեան նախկին պատգամաւոր Ռեմի Տայէյի կողմէ ծրագրուած յեղաշրջումը։
Թերթը կ'ընդգծէ, որ ֆրանսական իշխանութիւնները նախնական կալանքի տակ դրած են ծայրայեղ աջ գործիչ Տայէն՝ յեղաշրջման ծրագաւորման ու բռնութեան արարքներուն մասնակցելու կասկածանքով:
Թերթը բացատրած է, որ 22 Հոկտեմբերին 55-ամեայ Տայէին մեղադրանք ուղղուած էր ահաբեկչութեան մէջ: Հետաքննութիւնները բացայայտեցին «անհանգստացնող յեղաշրջում, որուն նպատակն էր գրաւել Էլիզէի պալատը՝ Տայէյի բազմաթիւ կողմնակիցներու եւ կիսառազմական մեծ կազմակերպութեան օգնութեամբ»:
Իր հերթին, France TV Info-ն բացայայտած է, որ Տայէյի նախագիծը որակուած է որպէս «գաղտնի», որ ստացած է «Լազուր գործողութիւն» անուանումը եւ եղած է «բացարձակ կազմակերպուած»:
Ըստ «թղթածրարին մօտիկ» աղբիւրի մը, նախագիծին գաղափարը յառաջացած է մօտ մէկ տարի առաջ, երբ Ֆրանսան կը պայքարէր առողջական ճգնաժամի դէմ՝ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքներուն պատճառով։
Տայէ «Լազուր» գործողութիւնը կը ղեկավարէր Մալեզիոյ մէջ գտնուող իր տունէն, ուր ան ստեղծած է գաղտնի կազմակերպութիւն, որ կը ներառէ տասնեակ մարդիկ՝ մասնակցելու իր նախագիծին: Ըստ աղբիւրին, «գաղտնի կազմակերպութիւնը կը ներառէ քաղաքայիններ եւ զինուորականներ՝ իրական զէնքերով եւ զինուորագրման ծրագրով... Զինուորական խմբակը կը գլխաւորեն ֆրանսական բանակի երկու զինուորներ»։
«Լազուր գործողութիւնը մտահոգիչ էր, թէեւ յեղաշրջման օրուայ ճշգրիտ ամսաթիւ չէ նշուած», յաւելած է աղբիւրը։
«France TV Info»-ն հաղորդած է, որ հետաքննութիւնը կը շարունակուի «ահաբեկչական յանցաւոր միաւորում ստեղծելու» մեղադրանքով, յաւելելով որ ձերբակալուածները կարելի է նաեւ հետապնդել «պետական անվտանգութեան սպառնալու» մեղադրանքով։