Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովն ու Հաքան Ֆիտանը հեռախօսով քննարկած են մայիս 15-ին Իսթանպուլի մէջ ուքրանական կարգաւորման շուրջ ուղիղ բանակցութիւններ սկսելու հարցը։ Այս մասին յայտնած են Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութենէն։
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինն Ուքրանիոյ առաջարկած է ուղիղ բանակցութիւններ կայացնել մայիս 15-ին Իսթանպուլի մէջ՝ առանց նախապայմաններու։
Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին յայտարարած է, որ պատրաստ է հինգշաբթի անձամբ հանդիպելու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ Իսթանպուլի մէջ։
«Ոչ մէկ իմաստ կայ սպանութիւնները շարունակելու։ Եւ ես պիտի սպասեմ Փութինին Թուրքիոյ մէջ՝ հինգշաբթի օրը։ Անձամբ»,- X-ի էջին գրած է Զելենսքին։
Նախօրէին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ուքրանիոյ, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներու հետ։ Էտրողանը յայտարարած է, որ կարելի չէ բաց ձգել խաղաղ բանակցութիւններ սկսելու հնարաւորութիւնը։
Միացեալ Նահանգներու նախագահն իր հերթին յայտարարած է, որ բաց է մասնակցելու Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ հինգշաբթի Թուրքիոյ մէջ կայանալիք հնարաւոր խաղաղութեան բանակցութիւններուն։