image
Հրատապ լուրեր:

Լաւրով. Թող չփորձեն մեզ

Լաւրով.  Թող չփորձեն մեզ
ՌԴ ԱԳՆ ղեկավար Սերկէյ Լաւրովը յայտարարած է, որ Ռուսաստանը յոյս ունի, որ ոչ ոք յարձակում կը գործէ ՀԱՊԿ երկիրներու նկատմամբ՝ Աֆղանիստանի իրավիճակի ֆոնին, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:
 
«Կեդրոնական Ասիոյ մեր հարեւաններու հետ մեր դիրքորոշումն այն է, որ ՀԱՊԿ շրջածիրէն ներս բոլոր պարտաւորութիւնները ուժի մէջ կը մնեն: Ի հարկէ, յոյսով ենք, որ ոչ ոք կը փորձէ փորձարկել հաւաքական անվտանգութեան մասին պայմանագրի կայունութիւնն ու յարձակողական գործողութիւններ սկսիլ կազմակերպութեան որեւէ անդամի նկատմամբ»,-ըսած է ան «Ռուսաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը. Յաջողութիւններ, մարտահրաւէրներ, խնդիրներ եւ հեռանկարներ» ուեպինարի ժամանակ:
 
Անոր խօսքով՝ թալեպները կը վերահսկեն տարածքներու 70-80 տոկոսը: Ան նաեւ նշած է, որ թալեպները դուրս կու գան Աֆղանիստանի հիւսիսային սահմաններ, ուր կ'օգտագործեն քաղաքական գործընթացի մէջ բացը:
 
Լաւրովի խօսքով՝ Ռուսաստանը պիտի օգտագործէ բոլոր հնարաւորութիւնները՝ թալեպներու եւ Աֆղանիստանի կառավարութեան միջեւ ուղիղ երկխօսութեան համար:
 
Մոսկուայի մէջ ատոր համար ամենաարդիւնաւէտը կը համարեն մոսկովեան ձեւաչափը: