image
Հրատապ լուրեր:

Լաւրով հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Միրզոյեանի եւ Պայրամովի հետ

Լաւրով հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Միրզոյեանի եւ Պայրամովի հետ

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի իր երկու գործընկերներուն` Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ: Հեռախօսազրոյցներու ընթացքին քննարկուած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման հարցը:

Արարատ Միրզոյեան ռուս գործընկերոջ ներկայացուցած է հայկական կողմի դիրքորոշումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններ սկսելու վերաբերեալ:

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց Նախարարութեան փոխանցմամբ` Լաւրով Միրզոյեանի ու Պայրամովի հետ հեռախօսազրոյցներուն ընթացքին անդրադարձած է նաեւ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի, 2021 թուականի Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ յայտարարութիւններով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին:

Ներկայացուցած է նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագօտիին եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ «Ատրպէյճանի կողմից սադրանքների եւ հրադադարի խախտումների հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը»: Հեռախօսազրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին: Միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային ու միջազգային անվտանգութեան վերաբերող հարցերու շուրջ:

Միրզոյեան ու Լաւրով քննարկած են Հայաստանի ու Ռուսաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն վերաբերող հարցեր: Զրուցակիցները գոհունակութեամբ նշած են ՀԱՊԿ, ԵԱՏՄ, ԱՊՀ, ինչպէս նաեւ միջազգային հարթակներու մէջ Մոսկուայի եւ Երեւանի փոխգործակցութեան բարձր մակարդակը:

Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարին հետ հեռախօսազրոյցին ընթացքին, Ռուսաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն, քննարկուած է նաեւ Մարտ 22-ին նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Իլհամ Ալիեւի ստորագրած Դաշնակցային փոխգործողութեան մասին հռչակագրի դրոյթներու կեանքի կոչման եւ երկկողմ յարաբերութիւններու այլ հարցերու լայն շրջանակ: