image

Արեւմուտքի հետ նախկին յարաբերութիւնները չեն վերականգնուիր. Լաւրով

Արեւմուտքի հետ նախկին յարաբերութիւնները չեն վերականգնուիր. Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը եւրոպական անվտանգութեան նուիրուած մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է, որ հաւաքական Արեւմուտքի եւ առանձին Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) այսօրուայ գործողութիւններու ֆոնին պէտք չէ ակնկալել Եւրոպայի անվտանգութեան ոլորտի մէջ աշխատանքի հարցով Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի նախկին յարաբերութիւններու վերականգնումը։

Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է, որ «ինչ որ պահու արեւմտեան հարեւաններն ու նախկին գործընկերները» շահագրգռուած կ'ըլլան վերականգնելու եւրոպական անվտանգութեան ոլորտի մէջ համատեղ աշխատանքը։ Սակայն, Լաւրովի խօսքերով, վերականգնումը չ'աշխատիր, քանի որ վերականգնումը կը նշանակէ այն, ինչ եղած է նախապէս, բայց այլեւս չ'ըլլար «ձեռնարկատիրութիւն, ինչպէս նախապէս եղած է»։

Բացի այդ, արտաքին գործոց նախարարը պարզաբանած է, որ ԵԱՀԿ-ի եւ Արեւմուտքի ներկայ գործողութիւնները «դժուար հարցեր» կ'առաջացնեն այն մասին, թէ ինչպիսի յարաբերութիւններ կ'ունենան Ռուսիան եւ կազմակերպութիւնը, ինչպէս նաեւ  հարցեր կ'առաջացնէ ԵԱՀԿ-ի ապագայի վերաբերեալ։

Լաւրովը եզրակացուց, որ եթէ Արեւմուտքը հասկնայ, որ աւելի լաւ է Ռուսիոյ հետ գոյակցիլ ինչ որ փոխհամաձայնեցուած հիմունքներով, ապա ռուսական կողմը կը լսէ Արեւմուտքի առաջարկները, բայց պարզ է, որ անոնք պէտք է ըլլան «փոխգործակցութեան սկզբունքօրէն նոր սկիզբ»։