Վաւերագրական շարժանկարի ամենահեղինակաւոր փառատօնին՝ IDFA-ին, հայկական 1489 ֆիլմը արժանացած է «լաւագոյն ֆիլմ» գլխաւոր մրցանակին։ Ֆիլմի հեղինակը Շողակաթ Վարդանեանն է։
«Ֆիլմ՝ իբրեւ թափանցող լոյս, որ տեսանելի կը դարձնէ թաքնուած վիշտի հսկայական ներքին շերտը եւ կը ստեղծէ շօշափելի ներկայութիւն՝ անտանելի բացակայութենէն։ Շարժանկարը որպէս գոյատեւման գործիք. թոյլ կու տայ նայիլ դէպի այն, որ մենք կը նախընտրենք չտեսնել: Եւ, վերջապէս շարժանկարի անմոռանալի օրինակ՝ որպէս սիրոյ գործ»,-ըսուած է ժիւրիի ձեւակերպման մէջ։
Շողակաթ Վարդանեանի 1489 ֆիլմի անուանումը 44–օրեայ պատերազմին անոր զոհուած եղբօր՝ Սողոմոնի մարմնին տրուած համարն է։ Տղան անհետ կոսուած էր 2020 թուականի հոկտեմբերին։ Երիտասարդ բեմադրիչը, օգտագործելով իր հեռախօսի տեսախցիկը, նկարահանած է եղբօր որոնման ողջ գործընթացը եւ փաստագրած այն փորձառութիւնները, որոնց միջով ան եւ իր ընտանիքը ստիպուած անցած էին: