image

Կորուստներ չկան. Պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակը` Կուտականի դիրքերու ուղղութեամբ կրակոցներու լուրին մասին

Կորուստներ  չկան. Պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակը` Կուտականի դիրքերու ուղղութեամբ կրակոցներու լուրին  մասին

Հայկական կողմը զոհեր եւ վիրաւորներ չունի։ Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցի ժամանակ տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի քարտուղար Արամ Թորոսեանը` անդրադառնալով լուրերուն, թէ հակառակորդը կը կրակէ Գեղարքունիքի մարզի Կուտական համայնքի դիրքերու ուղղութեամբ։

Նշենք, որ Կուտական համանքի ղեկավար Մակիչ Թովմասեան «Sputnik Արմենիա»ի հետ զրոյցի ժամանակ նշած էր` այսօր առաւօտեան ժամը 9-10-ը դիրքէ դիրք կրակոցներ հնչած են. հիմնական մանր տրամաչափի զինատեսակներով կրակած են։

«Ինտենսիւ փոխհրաձգութիւն չի արձանագրուել։ Զոհեր, վիրաւորներ չկան։ Այս պահին փոխհրաձգութիւն չկայ»,–ըսած է Թորոսեան։