image

Կորիւն Խաչատուրեան Յովնանեան հիմնադրամի տնօրէն

Կորիւն Խաչատուրեան Յովնանեան հիմնադրամի տնօրէն

Հայաստանի մէջ Յ․ Յովնանեան ընտանեկան հիմնադրամի (the H. Hovnanian Family Foundation) գործադիր տնօրէն նշանակուած է Կորիւն Խաչատուրեան։ 

Խաչատուրեան 9 յունուար, 2023-էն ի վեր պիտի ներկայացնէ կազմակերպութեան ընդգրկուն մարդասիրական գործունէութիւնը ամբողջ Հայաստանով։ Վերջին չորս տարիներուն ան ղեկավարած է գիւղական համայնքներու զարգացման շարք մը նորարար նախաձեռնութիւններ Հայաստանի մանուկներ (COAF) հիմնադրամին մէջ, իսկ անկէ առաջ ղեկավարած է ԹՈՒՄՈ-ի (TUMO) բազմաթիւ նորայայտ նախաձեռնութիւններ, նախ Ստեփանակերտի, այնուհետեւ Ֆրանսայի Փարիզ քաղաքին մէջ, գլխաւորելով աշխարհի մէջ ԹՈՒՄՈ-ի կրթական օրինակի ընդլայնումը։

Խաչատուրեան աւելի քան 10 տարուան փորձառութիւն ունի շահոյթ չհետապնդող եւ կրթական ոլորտներուն մէջ․ համաշխարհային մակարդակով մասնագիտական եւ կրթական գործունէութիւն ծաւալած է՝ Լոնտոնէն մինչեւ Շուէտ, այնուհետեւ Պրիւքսէլէն մինչեւ Փարիզ, որոնք ի վերջոյ բերին զինք Հայաստան։ Խաչատուրեան Ֆրանսայի Մարսէյլ քաղաքի Քետճ ձեռնարկատիրութեան դպրոցէն (Kedge Business School) ստացած է երկակի մագիստրոսի աստիճան կառավարման եւ ձեռնարկատիրութեան ոլորտներուն մէջ։

«Որպէս սփիւռքահայ եւ Հայաստանի երկարաժամկէտ տնտեսական զարգացման վրայ հայրենադարձութեան մեծ ազդեցութեան հաւատացող մարդ, ես Յ․ Յովնանեան ընտանեկան հիմնադրամը կը համարեմ այն կազմակերպութիւնը, որ միանգամայն կը համապատասխանէ իմ տեսլականին ու ձգտումներուն։ Ես ոգեւորուած եմ, որ պիտի ղեկավարեմ Հայաստանի ամենառազմավարական կազմակերպութիւններէն մէկը եւ պիտի կարողանամ նպաստել Հայաստանի հետագայ զարգացման նորարարական լուծումներ բերելուն», – ըսած է Խաչատուրեան։

Ան փոխարինած է Նաիրա Մելիքեանը, որ կազմակերպութեան մէջ աշխատած էր աւելի քան 25 տարի՝ մասնակցելով ներկայ Հիմնադրամի գլխամասին, Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ եւ Հրազդանի ձորի ներկայ մշակութային տան կառուցման, ինչպէս նաեւ բոլոր մարդասիրական ծրագիրներուն, ներառեալ կրթաթոշակային եւ բարեգործական դրամաշնորհային ծրագիրները։ Այսպիսով, Խաչատուրեան Հայաստանի մէջ ժառանգութիւն կը ստանայ տաղանդաւոր կազմ, որպէսզի իրականացնէ առկայ զարգացման ծրագիրներն ամբողջ երկրով, ինչպէս նաեւ Հիմնադրամի համար հետաքրքրութիւն ներկայացնող ղեկավարի բոլոր նոր յատուկ նախագիծերը՝ աշխատելով անմիջապէս Յ․ Յովնանեան ընտանեկան հիմնադրամի նախագահ՝ Էտիլ Յովնանեանի եւ անոր տնօրէններու խորհուրդին հետ։

«Երբ գործադիր տնօրէն կը փնտռէինք, Կորիւնն աչքի ինկաւ որպէս մարդ, որ կրնայ Հիմնադրամը ներկայացնել Հայաստանի մէջ արհեստավարժ եւ նորարար կերպով», – ըսած է Յովնանեան։ Ան աւելցուցած է․ «Ես կը յարգեմ անոր պիզնեսի ոլորտի մէջ ու Հայաստանի երկու լուրջ նախագիծերու կառավարման տասնամեայ փորձը եւ գիտեմ, որ մենք անկասկած կ'իրականացնենք բազում ոգեւորիչ նախագիծեր միասին։ Այս ամէնը յատկապէս կարեւոր է, քանի որ մենք մեր ընտանեկան հիմնադրամի նոր փուլի մէջ ենք, երբ հօրս մահէն յետոյ նոր սերունդը ղեկն իր ձեռքը վերցուց, եւ մենք կը ցանկանք ընդլայնել մեր ունեցած ազդեցութիւնը»։

Խաչատուրեան, Փարիզէն ըլլալով հանդերձ, կը բնակի Երեւան՝ կնոջ եւ երկու որդիներուն հետ միասին։ Ան կը հաւատայ, որ իր ղեկավարութեամբ Յ․ Յովնանեան ընտանեկան հիմնադրամը կը կառուցէ աւելի ուժեղ համայնքներ, կը բարելաւէ տնտեսական զարգացումն ու կ'աջակցի հայրենադարձութեան բոլոր մակարդակներով՝ յանուն Հայաստանի երկարաժամկէտ տնտեսական զարգացման։

«Հիմնադրամի ստեղծուելէն ի վեր այնքան բան կատարուած է ամբողջ Հայաստանով մէկ ընդլայնուած մարդասիրական գործունէութեան միջոցով յանուն դրական համայնքային փոփոխութեան,  ես շատ հպարտ եմ եւ պատիւ ունիմ, որ այս հրաշալի կազմակերպութեան մաս կը կազմեմ, որպէս առաջնորդ, որ 10 տարիէն աւելի  ներգրաւուած եղած է ազդեցիկ նախագիծերու մէջ։ Ես կը սիրեմ կազմակերպութեան առաքելութիւնը եւ անհամբերութեամբ կը սպասեմ ռազմավարական գործընկերութիւններու կառուցման ու այն հրաշալի ժառանգութեան շարունակութեան, որ արդէն իսկ այդքան շատ բան տուած է մեր երկրին։ Անհամբերութեամբ կը սպասեմ իմ աշխատանքի մեկնարկին», –  ըսած է Խաչատուրեան։

Յեշեցնենք, որ Հիմնադրամի  հիմնադրումէն ի վեր 1986-ին, Յ․ Յովնանեան ընտանեկան հիմնադրամը (H. Hovnanian Family Foundation) աւելի քան $75 միլիոն տոլար յատկացուցած է բարեգործական, կրթական, գիտական, մշակութային եւ այլ համապատասխան նպատակներով հարիւրաւոր նախաձեռնութիւններու եւ ծրագիրներու համար՝ հիմնական նպատակ ունենալով օգնել հայ համայնքներուն աշխարհով մէկ, ինչպէս նաեւ  Նիու Ճըրզի նահանգի Մոնմութ եւ Օուշն շրջաններու կազմակերպութիւններուն։

 

Նիւթը՝ «Արմէնփրէս»-էն