image
Հրատապ լուրեր:

Խուզարկութիւններ Սիսիանի համայնքապետարանին մէջ. Կան բերման ենթարկուածներ

Խուզարկութիւններ Սիսիանի  համայնքապետարանին մէջ. Կան բերման ենթարկուածներ

Ազգային անվտանգութեան ծառայողները այսօր` Մայիս 6–ին, գործողութիւններ իրականացուցած են Սիսիանի համայնքապետարանին մէջ եւ բերման ենթարկած են համայնքապետարանի երեք աշխատակից:

Սիսիանի համայնքապետարանի մամուլի քարտուղար Արմինէ Յարութիւնեանը ըսաւ, որ չի տիրապետեր, թէ ինչ գործի շրջանակին մէջ ԱԱԾ–ն գործողութիւններ իրականացուցած է համայնքապետարանին մէջ: Ըստ անոր` ԱԱԾ աշխատակիցների գործողութիւնները տեւած են մի քանի վայրկեան:

«Առաւօտեան ԱԱԾ աշխատակիցները գործողութիւններ են կատարել համայնքապետարանում եւ բերման ենթարկել համայնքապետարանի  երէք աշխատակցի», ըսաւ համայնքապետարանի մամուլի քարտուղարը` չնշելով, թէ որ  պաշտօնեաները բերման ենթարկուած են:

Յարութիւնեանը, սակայն, հաստատեց տեղեկութիւնը, որ բերման ենթարկուածների մէջ կայ նաեւ բաժնի վարիչ:

Սիսիանի համայնքապետարանի մամուլի քարտուղարը վստահեցուց, թէ համայնքապետի պաշտօնակատար Արմէն Յակոբջանեանը նոյնպէս չի գիտեր, թէ ինչ գործի շրջանակին մէջ ԱԱԾ–ն գործողութիւններ կատարած է համայնքապետարանին մէջ, ապա բերման ենթարկած՝ երեք աշխատակից:

Մամուլի քարտուղարը յաւելեց, որ ինք չորս ամիսէ կ'աշխատի համայնքապետարանին մէջ եւ սա առաջին դէպքն է, երբ համայնքապետարանը իրաւապահներու ուշադրութեան կեդրոնին յայտնուած է: