image
Հրատապ լուրեր:

Խորհրդարանը ինքն իր տէրն է». Նեպիհ Պըրրի

Խորհրդարանը  ինքն իր տէրն է». Նեպիհ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանին վերաբերող շարք մը հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Վրոնեցքա յայտնեց, որ յառաջիկայ փուլին դերակատարութեան մասին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր խորհրդակցութիւնները եղած են դրական:

Ընկերային ցանցերուն վրայ իր տեղադրած գրառումին ընդմէջէն Վրոնեցքա հաստատեց Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութիւնը գոյացնելու իմաստով որդեգրուելիք օրէնքներուն անհրաժեշտութիւնը:

Ան կոչ ուղղեց նաեւ բարելաւելու Լիբանանի կառավարման ձեւն ու գոհացնելու ժողովուրդին կարիքները:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա:

Միւս կողմէ, անդրադառնալով բոլոր այն արտայայտութիւններուն, թէ կարգ մը քաղաքական ուժեր, յատկապէս խորհրդարան հասած փոփոխութեան հաւատացող նոր ուժերուն երեսփոխանները կը մերժեն խորհրդարանի նախագահի պաշտօնը վերստանձնելու իր թեկնածութիւնը, Պըրրի ըսաւ. «Խորհրդարանը ինքն իր տէրն է, եւ բոլորս պէտք է յարգենք խորհրդարանի նախագահի ընտրութեան լիագումար նիստին կամքը»:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն: