image

Խմբագրական «Պայքար»ի. Պայթեցաւ ռումբը որ արդէն կը սպասուէր

Խմբագրական «Պայքար»ի. Պայթեցաւ ռումբը որ արդէն կը սպասուէր

Ուրիշ մտահոգիչ զարգացում մըն ալ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի միջեւ յառաջացած հրապարակային առճակատումն է որ այնքան ձեռնտու է Պաքուի իշխանութիւններուն:

Արցախի արտաքին գործոց նախարարը` Դաւիթ Պապայեանը կ'ըսէ որ մեզի համար նշաձողեր չկան այլ կան կարմիր գիծեր, որոնք սահմանուած են արիւնով:

Այսօր ժամանակն է Փաշինեանի արձակած ռումբին հետեւանքները քննելու եւ գօտիները սեղմելով պատրաստուելու վաղուան դիւանագիտական մարտերուն:

 

 

 

Ապրիլ 13ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթը բացայայտեց պայթիւնավտանգ այն կացութիւնը, որ ատենէ մը ի վեր յառաջացման մէջ էր. այսինքն` պայթեցաւ այն ռումբը որ արդէն կը սպասուէր:

Երկար ժամանակէ ի վեր Հայաստանի իշխանութիւնները անուղղակի ակնարկութիւններ կը կատարէին որ Արցախը Ատրպէյճանի իշխանութենէն դուրս հնարաւոր չէր պատկերացնել: Փաշինեան վերջապէս բացաւ փակագիծները եւ պարզեց իրականութիւնը` պատասխանատուութիւնը սահմանելով ՙմիջազգային հանրութեան՚:

Նախ ան կատարեց երկար մեղայական մը եւ ստանձնեց իր պատասխանատուութիւնը 44օրեայ պատերազմը չկանխելու կամ զայն կրճատելու, խնայելու համար 3800 զինուորներու կեանքը:

Կարելի չէ գուշակել որ այդպիսի անկեղծ խոստովանութեամբ որքան համակրանք կամ կողմնակիցներ շահեցաւ սակայն յաջողեցաւ պարզել կացութեան մռայլ իրականութիւնը եւ Հայաստանի եւ Արցախի դիմաց պարզուող անխուսափելի հեռանկարները: Անոր ելոյթին կիզակէտը հետեւեալն էր - ՙԱյսօր միջազգային հանրութիւնը մեզ ասում է` մի փոքր իջեցրէք Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցում Ձեր նշաձողը եւ միջազգային մեծ կոնսոլիտացիա կ'ապահովէք Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ՚. այս ըսելով, ան կը հասկցնէր որ հակառակ պարագային ՙմիջազգային հանրութիւնը՚ կը զգուշացնէր իր վրան յոյս չդնել:

Քանի կատարուած են այս աստիճանի բացայայտումներ հայ ժողովուրդը իրաւունք ունի գիտնալու այն ինչ որ գիտեն ՙմիջազգային հանրութիւնն՚ ու Ատրպէյճանը եւ թէ ի՞նչ է նշանակութիւնը նշաձողերը իջեցնելու: Եթէ այս եզրաբանութիւնը կը նշանակէ Արցախի ժողովուրդին ճակատագիրը յանձնել Ալիեւի բարեխղճութեան, ատիկա քաղաքական պարզ ու սահմանափակ զիջողութեան մը բնոյթը չունի, այլ երկընտրանք է կենաց ու մահուան միջեւ, Արցախի հայաթափումն է կամ անոր բնակչութեան բնաջնջման:

Յետոյ պէտք է բացայայտուի նաեւ թէ որո՞նք են բաղադրիչները այդ ՙմիջազգային հանրութեան՚: Եթէ Ռուսաստան է, թէ Արեւմուտքը, պէտք է պարզուի այդ իրողութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ յայտնել թէ ի՛նչ կարելի է ակնկալել իւրաքանչիւրէն:

Պարզ է որ Հայաստանը ինկած է ռազմագիտական թակարդի մը մէջ, Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի միջեւ: Ցարդ Հայաստանի յոյսը բեւեռուած էր Մինսքի խումբին վրայ, որ հակառակ Արեւմուտք-Ռուսաստան հակամարտութեան ան կը գործէր բաւական սահուն կերպով: Սակայն, Ուքրանիոյ պատերազմը փոխեց հաւասարակշռութիւնը եւ Արեւմուտքի գերագոյն նպատակը դարձաւ ոչ թէ լուծել Մինսքի խումբի օրակարգի խնդիրները, այլ զանոնք օգտագործել Ռուսաստանը հեռացնելու բոլոր հարթակներէն: Այսպիսով Մինսքի խումբը վերածուեցաւ կառոյցի մը, որով անոր ենթակայ խնդիրներու տէրերը – ինչպէս Հայաստան – պէտք է գործակցին Արեւմուտքի հետ չէզոքացնելու համար Ռուսաստանը:

Այս ճակատումը չի սահմանափակուիր միայն Եւրոպայով կամ Ուքրանիայով, այլ` կ'ընդգրկէ նաեւ Կովկասը: Այս վտանգաւոր զարգացման թիրախին վրայ կը գտնուին Ռուսաստանի խաղաղապահ ոյժերը Ատըրպէյճանի հողին վրայ եւ մինչեւ անգամ ռուսական ռազմախարիսխը Կիւմրիի մէջ:

Հայաստանի ժողովուրդը հաւատացած էր որ ռուսական ռազմական խարիսխը սահմանուած էր պաշտպանելու համար մեր երկիրը Թուրքիոյ նախայարձակ նպատակներուն դիմաց. սակայն, Արեւմուտքը տարբեր պատկերացում ունի այդ ուղղութեամբ. ռազմագիտականօրէն, Արեւմուտքի համար այդ ռազմախարիսխը սահմանուած է ռուսական ոյժը ամրապընդելու Կովկասի մէջ եւ զայն իբրեւ թիկունք օգտագործելու. Ռուսաստանի ազդեցութիւնը պաշտպանելու Միջին Արեւելքի մէջ: Հետեւաբար, գերպետութեանց նպատակը իրարու դիմաց յաջողութիւններ եւ յաղթանակներ ապահովելն է, իրարու դիրքերը տկարացնելով: Թէ այդ միջոցին ինչ ճակատագրական իրավիճակներ կը ստեղծուին փոքր ազգերու համար` այնքան ալ անդրադարձ չ'ունենար այդ մեծերու հաշիւներուն մէջ:

Այս խորապատկերին մէջ կը պարզուի որ Փաշինեանի նշած միջազգային հանրութիւնը Ֆրանսան եւ Ամերիկան են, որոնք կը շարունակեն գործել Մինսքի խումբի կառոյցէն ներս, դուրս մղած ըլլալով Ռուսաստանը, ինչպէս վերջերս խոստովանեցաւ այդ երկրի արտաքին գործոց նախարարը` Սերկէյ Լաւրով:

Ուրեմն, Հայաստան կը գտնուի երկու ճակատագրական երկընտրանքներու առջեւ, արտաքին եւ ներքին: Արտաքին ճակատի վրայ դժուար պիտի ըլլայ կողմերու միջեւ հաւասարակշռութիւն պահել, որովհետեւ լարուածութիւնը Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի միջեւ բաւականին սուր է:

Ամերիկայի Պետական քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայս Ապրիլի 15ին յայտարարեց որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պատրաստ է օգնելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մերձեցման, ներառեալ Մինսքի խումբի կառոյցէն ներս:

Հայաստանի մէջ որոշ ոգեւորութիւն ստեղծուած է արեւմտամէտ խմբաւորումներու մօտ որ Արեւմուտքը սկսած է հետաքրքրուիլ Հայաստանով եւ Կովկասով անոր համար որ Հայաստան ժողովրդավար երկիր է: Այս ենթադրութիւնը միամտութիւն կ'արտայայտէ, որովհետեւ Արեւմուտքը նոյնքան հետաքրքրուած է Ատրպէյճանով, որ բռնատիրական վարչաձեւ մը ունի: Յետոյ` պէտք է իմանալ նաեւ որ Արեւմուտքին յարելու պարագային եւս Հայաստան այնտեղ պիտի դիմաւորուի քաղաքական դասաւորումներով: Արեւմուտքի քաղաքական կառոյցին մէջ Թուրքիան ունի նախապատուութիւն եւ Արեւմուտքի մեծերը երբեք պիտի չզոհեն Թուրքիոյ շահերը, սպասարկելու համար Հայաստանի ժողովրդավարական յանձնառութիւնները:

Արտաքին ճակատի վրայ Հայաստան պիտի դիմակայէ նաեւ այլ երկընտրանք մը. երբ Փաշինեան կը հաւաստէ որ նշաձողերու իջեցման դիմաց Արեւմուտքը որոշ ՙկոնսոլիտացիա՚ պիտի ապահովէ հայկական կողմին` պէտք է իմանալ թէ ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ այդ կոնսոլիտացիան: Եթէ այդ ՙկոնսոլիտացիա՚ի գինը պիտի ըլլայ Արցախի ժողովուրդին ճակատագիրը յանձնել Ատրպէյճանին` այդ վճիռը կայացնելու մէջ հայկական կողմը պէտք չունի Արեւմուտքին: Որովհետեւ ատիկա պիտի ըլլայ անձնատուութիւն եւ անձնասպանը ատկէ անդին կարիքը չունի ոեւէ բարիքի եւ օգնութեան:

Հայաստանի միւս մարտահրաւէրը ներքին միասնութեան հարցն է: Հայերս դժուար կը դաստիարակուինք պատմական նախադէպերէն: Առաջին Հանրապետութեան շրջանին այնքան սուր էր ներքին բեւեռացումը, որ դիւրացուց արտաքին ոյժերու նպատակներուն իրագործումը եւ Հայաստան կորսնցուց իր անկախութիւնը:

Նոյն ճակատագրական խաղին մէջ ենք այսօր եւս: Վարչապետը կþառաջարկէ ընդդիմութեան հանդիպիլ փակ նիստի մէջ եւ քննարկել ստեղծըւած իրավիճակը. բայց ընդդիմութիւնը փոխանակ իր ներդրումը կատարելու կը զբաղի մանկամիտ խաղերով, Արցախի դրօշակը պարզելով եւ նիստերը պոյքոթելով: Խորհրդարանական մեծամասնութիւնը, նոյնքան մանկամիտ է. փոխանակ պահի լրջութիւնը նկատի առնելով զսպուածութիւն ցոյց տալու` տրուած է լեզուագարութեան ցոյց տալու համար որ ի՛նչ աստիճանի լուտանքներ կրնայ տեղալ ընդդիմութեան գլխուն:

Այսօր Հայաստանի եւ Արցախի փրկութեան նախադրեալներէն առաջինը ներքին միասնականութիւն ստեղծելն է, իսկ արտաքին ճակատին վրայ` գործածել խոհեմ դիւանագիտութիւն մը ժամանակ շահելու համար:

Ատրպէյճան եւ Թուրքիա կ'աճապարեն խաղաղութեան պայմանագիր կնքել Հայաստանի հետ անդառնալի պատմական իրականութիւններ ամրագրելու: Անոնք գիտակ են որ Ուքրանիոյ պատերազմը պատեհ առիթ է դէպքերու ընթացքը իրենց ուղղութեամբ շրջելու, որովհետեւ Ուքրանիոյ պատերազմէն ետք կրնայ կացութիւնը կտրուկ փոխուիլ եւ իրենց համար նպաստաւոր կացութիւնները կրնան կորսուիլ:

Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները, իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւններուն մէջ սովորութիւն դարձուցած են իրենց զիջումները կատարել նախքան բանակցութիւնները: Այդպէս պատահեցաւ Թուրքիոյ հետ բանակցութեանց պարագային եւ այսօր նոյնը կը պատահի Ատրպէյճանի դիմաց: Այնպէս կը թուի թէ Հայաստանի իշխանութիւնները արդէն նշաձողերը իջեցուցած են մինչդեռ տակաւին քաղաքական ճակատամարտներ կան դիմագրաւելիք:

Ուրիշ մտահոգիչ զարգացում մըն ալ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի միջեւ յառաջացած հրապարակային առճակատումն է որ այնքան ձեռնտու է Պաքուի իշխանութիւններուն:

Արցախի արտաքին գործոց նախարարը` Դաւիթ Պապայեանը կ'ըսէ որ մեզի համար նշաձողեր չկան այլ կան կարմիր գիծեր, որոնք սահմանուած են արիւնով:

Այսօր ժամանակն է Փաշինեանի արձակած ռումբին հետեւանքները քննելու եւ գօտիները սեղմելով պատրաստուելու վաղուան դիւանագիտական մարտերուն: